Ֆրանսական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ֆրետերիք Մոնտոլինի, պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութիւններու ընդհանուր տնօրէն Ալի Ռիւօ, արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի փոխտնօրէն Էմանուել Սուքէ, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու խորհրդականներ եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, անցեալ շաբաթավերջին հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ:
Ֆրանսական պատուիրակութիւնը այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի դէմ Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն լոյսին տակ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահի խորհրդական Մահմուտ Պըրրի:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան քննարկումի շրջագիծին մէջ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան` ընդգծելով լիբանանեան բանակը թիւով եւ զէնքերով հզօրացնելու, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Ֆրանսական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետարան:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ դիւանագիտական հարցերու իր խորհրդականին` Պութրոս Ասաքերի:
Հանդիպումէն ետք Մակրօ յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կը միտի հետեւողականութիւնը պահել Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն, «մասնաւորաբար նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան իմաստով Ֆրանսայի կատարած առաջարկները», ըսաւ ան:
Ֆրանսական պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւններ կատարելու:


