Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով, Նուրա Ժոմպլաթ, նախկին նախարար Ղազի Արիտի, Հալիմ Պու Ֆախրէտտին եւ Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի տագնապներն ու լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միջին Արեւելքի տագնապին առումով անընդունելի նկատուեցաւ պաղեստինեւիսրայէլեան բախումներուն մէջ յաւելեալ զարգացումներ ու արձանագրուիլը, մասնաւորաբար այդ բախումներուն ընդարձակումը` շրջանի այլ երկիրներուն, յատկապէս` Լիբանանի մէջ:
Լաւրով ընդգծեց Ռուսիոյ զօրակցութիւնը լիբանանեան գերիշխանութեան, միասնականութեան եւ հողային ամբողջականութեան:
Լիբանանեան առումով անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ լիբանանցիները իրենք իրենց ջանքերով եւ համախոհութեամբ լուծեն երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը, առանց այլ երկիրներու միջամտութեան:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան-ռուսական աւանդական ու մտերիմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:


