Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա կատարած իր այցելութիւններէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք բնական է, որ այցելէ Պըրրիի եւ անոր ներկայացնէ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի բախումներուն եւ նախագահական ընտրութեան մանրամասնութիւններուն:
Պու Սաապ անդրադարձաւ թշնամի Իսրայէլի կողմէ արձանագրուած վտանգաւոր զարգացումին, որուն լոյսին տակ թշնամի ուժերը հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները խզելով հասած են Պէյրութի մօտակայ շրջաններ եւ թիրախ դարձուցած անձնաւորութիւն մը:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պատերազմի ուրուականը հեռացնելու Լիբանանէն, սակայն քաղաքական եւ զինուորական հսկայ տագնապի մէջ գտնուող Իսրայէլ կարողութիւն չունի այդ մասին մտածելու եւ անխոհեմ քայլերու կը դիմէ:
Պու Սաապ ընդգծեց նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ անիկա հիմնական ելքն է երկրին քաղաքական տագնապին լուծման: «Այս շրջագիծին մէջ Պըրրիի հետ քննարկեցինք Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն դեսպաններուն այցելութեան եւ անոնց հետ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է համախոհութիւն գոյացնել եւ խորհրդարանին մէջ նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստեր գումարելով հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
Պու Սաապ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը օրըստօրէ աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ եւ աւելի կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը շրջանցէ իր իրաւասութիւնները եւ ոտնձգութիւններ կը գործէ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն, «եւ անոր կ՛օժանդակեն կարգ մը նախարարի պաշտօնակատարներ», հաստատեց ան:
Պու Սաապ շեշտեց, որ Միքաթի իր ներկայ ընթացքով կը քանդէ Թաէֆի սահմանադրութիւնը եւ ան պատասխանատու է իր արարքներուն, որովհետեւ կատարուածը վտանգաւոր նախընթաց մըն է, «որ իր կարգին ընդվզում կը յառաջացնէ որոշ շրջանակներու մօտ», ըսաւ ան:
Պու Սաապ նշեց, որ այս իմաստով ինք բողոքած է խորհրդարանի նախագահին եւ վերյիշեցուցած, որ Միքաթիի կառավարութիւնը ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն է եւ իրաւունք չունի նշանակումներ կատարելու: