Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Հասսան Աուտէն Նշանակեց Սպայակոյտի Պետ

Փետրուար 12, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որմէ ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքին շարունակականութիւնը պահպանելու իմաստով նախարարի պաշտօնակատարները պնդած են նախարարաց խորհուրդի նիստ մը գումարելու կարեւորութիւնը:

Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուց 2024-ի պետական ամավարկը` նկատի ունենալով պետական կառոյցներու աշխատանքներուն ընթացքը ապահովելու անոր հսկայական կարեւորութիւնը: Ան նշեց նաեւ, որ այդ ամավարկը պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելէ ետք անմիջապէս պիտի գործադրուի:

Միքաթի նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը քննարկեց Լիբանանի ապահովական եւ զինուորական իրավիճակը, յատկապէս Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքներն ու ապահովական անհրաժեշտութիւնները:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` նախարարաց խորհուրդը կարեւոր նկատեց բանակի սպայակոյտի պետի նշանակումը, գնդապետ Հասսան Աուտէն նշանակեց բանակի սպայակոյտի պետ եւ անոր զինուորական աստիճանը բարձրացուց հազարապետ-զօրավարի», ըսաւ ան:

Միքաթի նշեց, որ կառավարութիւնը շնորհաւորած է Նաուաֆ Սալամը` Լա Հէյի միջազգային ատեանի նախագահ նշանակուելուն առիթով:

Անդրադառնալով պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն` Միքաթի յայտնեց, որ այդ կէտը կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վրայ չէր գտնուեր: Ան զարմանք յայտնեց այս իմաստով բարձրացած աղմուկին համար` նշելով, որ նախարարի պաշտօնակատարները նախանձախնդիր են այդ հարցը աւելի խորունկ եւ համապարփակ ձեւով քննարկելու եւ ապա որոշում տալու:

«Այս իմաստով որոշեցինք շաբաթ, 10 փետրուարին գումարել կառավարութեան արտակարգ նիստ մը», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը իր ծախսերը բաշխելու իմաստով յստակ պիւտճէ մը ունի եւ զայն չի կրնար գերազանցել:

Միքաթի նշեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն եւ անոնց զոհողութիւններուն, սակայն կը վերահաստատէ, որ իրենք սահմանափակ պիւտճէ ունին եւ անոր շրջագիծին մէջ պիտի կայացնեն որոշումները:

Շաբաթ օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ իրեն համար գերզգայնութիւն կը յառաջացնեն այն յայտարարութիւնները, թէ ինք եւ իշխանութեան Բ. պետը երկրին որոշումներուն տէրերն են: Ան վերահաստատեց, որ ինք կը մերժէ ոեւէ մէկուն դերակատարութիւնը իւրացնել:

Այս յայտարարութեան լոյսին տակ Միքաթի դարձեալ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

Նկատի ունենալով պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն հարցը` Միքաթի շեշտեց, որ այդ թղթածրարը կը կարօտի յաւելեալ սերտողութեան եւ քննարկումի:

Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին վաւերացուց սեփական մարզի պաշտօնէութեան փոխադրածախսը օրական 450 հազար լ. ոսկիի վերածելու որոշումը:

Միւս կողմէ, նշենք, որ հանգստեան կոչուած զինուորականները հինգշաբթի, 8 փետրուարին բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ եւ փակեցին դէպի վարչապետարան տանող ճամբաներն ու պատճառ դարձան, որ կարգ մը նախարարի պաշտօնակատարներ քալելով ուղղուին վարչապետարան:

Անոնք պահանջեցին իրենց իրաւունքները` շեշտելով, որ եթէ կառավարութիւնը զլանայ իրենց իրաւունքները տրամադրել, ապա բռնի ուժով պիտի տիրանան այդ իրաւունքներուն:

Իսկ շաբաթ, 10 փետրուարին կառավարութեան գումարելիք նիստին պարագային հանգստեան կոչուած զինուորականներու խմբաւորումը ընդգծեց, որ այդ օրուան զուգադիպող իր որոշած բողոքի նստացոյցը չեղեալ նկատած է, որովհետեւ ստացած է երաշխիքներ, թէ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին յաւելումները պիտի չվաւերացնէ:

– ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Հասսան Աուտէի սպայակոյտի պետ նշանակումը նկատեց Միքաթիի կողմէ գործուած սահմանադրութեան այլ օրինազանցութիւն մը:

– ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ հրաժարեալ կառավարութեան մը կողմէ Ա. կարգի պաշտօնեայի մը նշանակումը` առանց համապատասխան նախարարի պաշտօնակատարին ներկայութեան, քրէական յանցագործութիւն է եւ Թաէֆի սահմանադրութեան զենում: Իր խօսքը ուղղելով Միքաթիին` Պասիլ ըսաւ. «Հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն իւրացումը պետական պիւտճէի գումարները իւրացնելու համազօր է եւ անիկա մեղք է: Իսկ ոճիր գործելը միայն ատրճանակով մարդ սպաննելը չէ, այլ` մեծագոյն ոճրագործութիւնը հայրենիքի սպանութիւնն է` իր սահմանադրութեամբ»:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Միքաթի Կը Շրջանցէ Իր Իրաւասութիւնները» Շեշտեց Պու Սաապ

Յաջորդը

Թուրքիան Հայաստանին Փոխանցած Է Անիի Պատմական Կամուրջի Վերականգնման Իր Պատկերացումները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց  Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու  Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Նոյեմբեր 7, 2025
Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա
Գլխաւոր լուրեր

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Նոյեմբեր 7, 2025
Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Յարձակումներու Մագլցում
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակումներու Մագլցում

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?