Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան անցեալ շաբաթավերջին միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:
Ապտոլլահեան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտանի կողմէ:
Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ապտոլլահեան նշեց, որ Իրան պիտի շարունակէ զօրակցիլ Դիմադրութեան եւ Լիբանանին` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովութիւնը Իրանի եւ շրջանի ապահովութենէն կախեալ է:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ իրենք սկիզբէն ի վեր յայտարարած են, որ պատերազմը լուծում չի կրնար ըլլալ:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է կասեցնեն երեխաներ սպաննող իսրայէլեան գոյացութեան իրենց օժանդակութիւնը:
Ապտոլլահեան Իրանի ջերմ բարեւները փոխանցեց Լիբանանի կառավարութեան, ժողովուրդին, բանակին եւ Դիմադրութեան:
Ապտոլլահեան հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ Դիմադրութեան մնացեալ ճակատներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ապտոլլահեանը:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներուն լոյսին տակ:
Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Ապտոլլահեան բաւարարուեցաւ հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Հանդիպումը լաւ էր»:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Ապտոլլահեանը` ընկերակցութեամբ իրանեան պատուիրակութեան եւ դեսպան Ամանիի:
Վարչապետարանին մէջ կատարուած քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու եւ շրջանին մէջ արդար լուծումներու յանգելու նպատակով բոլոր ջանքերը մէկտեղելու անհրաժեշտութիւնը:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Ապտոլլահեանը, որուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին վերահաստատեց, որ Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Ապտոլլահեան հաստատած է, որ Իրան յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
«Իրանի դիւանագիտութեան պետին շեշտեցինք, թէ Լիբանան նախանձախնդիր է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան եւ կայունութիւն կը պահանջէ», ըսաւ Պու Հապիպ:
Իր կարգին, Ապտոլլահեան շեշտեց, որ Իրան եւ Լիբանան կ՛ընդգծեն, թէ պատերազմը լուծում չի կրնար ըլլալ:
Ան նշեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ հաստատած, որ Իրան-Լիբանան յարաբերութիւնները ամրապնդուած վիճակի մէջ կը գտնուին:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ պէտք է յանգիլ քաղաքական լուծումի եւ վերջ տալ Կազայի մէջ գործուող հաւաքական ցեղասպանութեան:
Իր կատարած այցելութիւններուն աւարտին Ապտոլլահեան Իրանի դեսպանատան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ շրջանը կ՛ուղղուի դէպի կայունութիւն` վերստին շեշտելով, որ պատերազմը լուծում չի կրնար ըլլալ:
«Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուին, իսկ փոխադարձ գործակցութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ աշխուժացում», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան նկատել տուաւ, որ իրենց տպաւորութիւնը այն է, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը ջանայ Սպիտակ տունը պատանդ վերցնել, որպէսզի աւելի երկար ժամանակաշրջանի համար զբաղեցնէ վարչապետի իր պաշտօնը: «Հետեւաբար Սպիտակ տունն ու Միացեալ Նահանգները ունին երկու ընտրանք. պատանդ մնալ Նեթանիահուի ձեռքը եւ կամ ճիգ թափել Կազայի դէմ պատերազմի կասեցման», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ պէտք է կեդրոնանալ շրջանային տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու վրայ:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հըզպալլայի ուժին` աւելցնելով, որ սիոնական գոյացութիւնը չի կրնար Լիբանանի Դիմադրութեան զօրութիւնը պատկերացնել իսկ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան դիմադրող երկիր է` նկատել տալով, որ Լիբանանի պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին:
Ապտոլլահեան շեշտեց, որ սէուտական-իրանեան յարաբերութիւնները կարեւոր քայլերով կը յառաջանան` ընդգծելով, որ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ մնայուն խորհրդակցութիւն գոյութիւն ունի: