Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ)` Ազրպէյճանին ականներու քարտէսներ փոխանցելու մտադրութեան մասին յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Ազրպէյճանական կողմը կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանը բոլոր ականապատ տարածքներու ճշգրիտ քարտէսները տրամադրէ:
«Ազրպէյճանական կողմը Հայաստանէն բազմիցս պահանջած է տրամադրել ականներու քարտէսներ` թէ՛ 2020 թուականի պատերազմէն առաջ, թէ՛ ալ ատկէ ետք», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԱԾ-ն 25 յունուարին հրապարակած է յայտարարութիւն` նշելով, որ յառաջիկայ օրերուն 8 նոր տեղեկամատեաններ պիտի փոխանցուին Ազրպէյճանին:


