Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով

Յունուար 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ձիերու ընտելացման, ու մարտակառքերու ծագումին հայրենիքը, ինչպէս նաեւ օպսիտաքարէ զինատեսակներու, պրոնզէ եւ երկաթէ սուրերու, կացիններու եւ բաղադրեալ աղեղներու առաջին հնարողներուն երկիրը՝ Հայկական լեռնաշխարհը կը նկատուի ռազմական իրերու եւ գիւտերու եւ արտադրութեան բնօրրանը, ինչպէս կը փաստուի «Հայաստանի ձիերը ձիաւոր հերոսները հեծելազօրը եւ յաղթանակները» ցարդ 17 մաս յօդուածաշարքին մէջ:

Հայոց բանակը

Պիտի անդրադառնամ պատմաբան, բիւզանդագէտ եւ բանասէր Նիկողայոս Ատոնցի (Տէր Աւետիքեան 1871-1942) «Պատմական Ուսումնասիրութիւններ» հատորին (1), որ ուշադրութեանս յանձնեց դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունին, այնտեղ նշուած հայկական այրուձիին (ձիաւոր բանակ) մասին Ատոնցի ուշագրաւ հաստատումին: Էջ 19-էն 20 Ատոնց կը գրէ, (ամփոփ հատուածներ). «Այսօրուայ գեղջուկ Հայաստանը, կար ժամանակ, որ տասնեակ մեծ ու փոքր իշխանական տոհմեր թառած էին Հայոց լեռներու կուրծքին: Ամէն մէկը ունէր իր անառիկ ամրոցը եւ իր այրուձին, որ յայտնի թիւով հեծեալ մարտիկներ էին: Այրուձին բաղկացած էր գրեթէ բացառապէս իշխանական ընտանիքներու զաւակներէն եւ մերձաւորներէն: Հայ ազատանի, որեար կամ մանկտի կոչելով, պատմագիրները կը հասկնային ազատ դասի որդիներ:

«Այրուձին միա՛կ մշտական զինուորական ուժն էր ընդդէմ արտաքին թշնամիներուն եւ հայ աշխատաւոր շինականներուն նեցուկը: Շնորհիւ մշտապէս սպառազինուած ազնուականութեան, Հայաստանը երբե՛ք դիաթաւալ թշնամիին առջեւ չէ փռուած, ինչպէս տեսանք անոնց անկումէն ետք: Հռոմ, Պարսիկ, Արաբ, Բիւզանդիոն չեն կրնար պարծենալ, որ նախարարական Հայաստանը իրենցմէ պարտուած է:

«Դարերու ընթացքին, հայ աւատապետերը կրցան կռուիլ եւ պահել իրենց դիրքը եւ ազատութիւնը: Թշնամիները ծանր փորձերէ ետք բաւարարուեցան տարեկան տուրք գանձելով եւ զինուորական օգնութիւն ստանալով: …. Նախարարները յօժար էին արքունի գանձէն սովորական տուրք վճարելու, բայց երբե՛ք այրուձին յանձնելու օտարին: Հրաժարիլ այրուձիէն կը նշանակէր զինաթափ ըլլալ, որ անձնասպանութեան համազօր էր»:

Ուրեմն նո՛յնիսկ «պարտութիւններու» պարագային, դարեր շարունակ հայկական այրուձին պահպանուած է, դարէ դար: Երկարատեւ դադարէ ետք, Հայկական այրուձիին յաջորդած են մեր կամաւորական գունդերը, որոնք մինչեւ օրերս պատնէշի վրայ են հայոց բանակին կողքին:

Ըստ պատմաբան եւ իրաւաբան Մհեր Յակոբեանին (2) «Հայ ժողովուրդի ռազմական պատմութեան ուսումնասիրման մեթոտական հիմնահարցեր. Հայ ժողովուրդի ռազմական տարեգիրք, գիրք առաջին Ք.Ա. 3000-1561» Երեւան, 2007 (3), 70 հատոր աշխատասիրութեան, որ Հայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած աւելի քան 6,500 ճակատամարտերուն եւ ռազմական ընդհարումներուն, ինչպէս նաեւ պատմական Հայաստանի տարածքին առանց հայերու մասնակցութեան տեղի ունեցած ճակատամարտերուն մասին գրած է: Ստորեւ նախաբանին սկիզբը՝ արեւմտահայերէն.

«Կարելի է ըսել, որ հայ ժողովուրդը ծանօթ չէ իր իրական պատմութեանը: Սովետական շրջանին հրատարակուած հայ ժողովուրդի պատմութեան դասագիրքերը, մենագրութիւնները եւ այլ աշխատութիւնները հայոց պատմութեան վերաբերեալ, խիստ թիւր կարծիք ստեղծած են: Բանն այն է, որ վերջիններս քանի մը տեսանկիւնէ լիովին կ՛աղաւաղէին իրականութիւնը եւ կու տային խեղաթիւրուած պատկերացում հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ: Մասնաւորապէս.

«1. Անոնք բոլորը գրուած էին այն ոգիով, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս, ի սկզբանէ եղած է թոյլ, հալածուած ազգ, եւ մշտապէս կարիք ունեցած է, թերեւս այժմ ալ ունի «Մեծ եղբօր» հովանաւորութեան: Տառապելով այս իսկ ոճով պատմութիւնը ներկայացնելու մարմաջով՝ մեր մասնագէտները կա՛մ ընդհանրապէս ուշադրութիւն չեն դարձուցած Հայոց բանակի պատմութեանը, ռազմական տարեգրութեանը, կա՛մ ներկայացուցած են զայն խիստ աղքատիկ, ուշադրութիւն դարձնելով մի՛այն այնպիսի փաստերու վրայ, որոնք ուղղակի հնարաւոր չէին չտեսնել: Մնացած փաստերը, որոնք երբեմն ուղղակի կը զարմացնեն ռազմական գործողութիւններու նկարագրումին մանրամասնութեամբ, այս մասնագէտները թեթեւ ձեռքով դիւրութեամբ յայտարարեցին վիպական, որպէս ժողովրդական բանահիւսութեան նմոյշներ, ասքեր, վէպեր, մէկ խօսքով ամէն ինչ, բացի իրական ըլլալէ:

«Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Փաւստոս Բիւզանդի, Յովհան Մամիկոնեանի, Շապուհ Բագրատունիի, մասամբ նաեւ Մովսէս Խորենացիի, Սեբեոսի, Մովսէս Կաղանկատուացիի եւ այլ աշխատութիւններուն: Բանը հասած է նոյնիսկ անոր, որ կասկածի տակ առնուած է համեմատաբար նոր ժամանակներուն վերաբերող Ստեփանոս Շահումեանի (1702-1782*) աշխատութեան զգալի մասը: Բայց նոյնիսկ այս բնաբանին վրայ ապշեցուցիչ է, որ այս աղբիւրներուն մէջ նշուած մի՛այն անյաջողութիւններն ու պարտութիւնները կ՛ընդունուին առանց կասկածի, իսկ յաջողութիւնները կը ժխտուին:

«Այսպէս. անառարկելի ճշմարտութիւն կը համարուի Յովհան Մամիկոնեանի բերած այն տեղեկութիւնը, որ երբ արաբները Տարօն մտան, պարտութեան մատնեցին Հայկական բանակին, սակայն չ՛ընդունուիր նոյն պատմիչին կողմէ նոյն աշխատութեան մէջ արձանագրուած Տարօնի Հայ-Պարսկական պատերազմին յաղթական դրուագներուն կամ Տրդատ Մեծի մղած ճակատամարտերուն իրական ըլլալը:

«Օրինակ՝ անտեսուած է ՔԱ երկրորդ հազարամեակին Հայկական բանակին մարտակառքերուն ունեցած մեծ նշանակութիւնը կամ այն փաստը, որ, ի տարբերութիւն բիւզանդական կամ խաչակիրներու բանակներուն, 7-12 դարերու հետեւակ նետաձիգները չէին կորսնցուցած իրենց մարտական նշանակութիւնը …»

Իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ՝ նոյնն է մօտեցումը նաեւ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան պարագային, եւ երկրորդ՝ Մհեր Յակոբեանի նշած «պատմաբաններուն» «աշխատասիրութիւնները» ողողած են այժմու համացանցը, եւ հայկական պատմական նիւթերուն (հայերէն կամ անգլերէն) մեծամասնութիւնը առանց սրբագրուելու «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»-էն ընդօրինակուած են:

Սակայն, անհաւատալի է, որ այս օրերու Հայաստանի հանրապետութեան դաւադիր կառավարութիւնը, թրքահաճոյ մոլուցքով մը, ի՛նք իսկ մեծաքանակ կերպով կը խեղաթիւրէ մեր պատմութիւնը՝ նոր դասագիրքերու միջոցով, հակառակ պատմութեան կաճառներուն, պատմաբաններուն եւ  ուսանողութեան բողոքին: Այս ոճիրին բոլո՛ր մեղսակիցները ուշ կամ կանուխ՝ ծանրագոյն պատիժին պիտի արժանանան: Միւս կողմէ, ցաւալի է, որ պէտք չէ զարմանալ այսպիսի իշխանութեան մը կողմէ մեր հողերը  թշնամիին  յանձնելու դաւաճան վարքագիծին:

Իսկ ի՛նչ կը նշանակէ 6500-է աւելի մեծ ու փոքր պատերազմ՝ եթէ ոչ 6500-է աւելի յաղթանակ: Հայ ժողովուրդը իւրաքանչիւր պարտութենէ ետք ուժերը հաւաքած է եւ կրկի՛ն յաղթած, թէ ոչ տեղի չէր ունենար այսքան պատերազմ: Ուստի, պէտք է պատրաստուիլ  յաջորդ  պատերազմին, որ կրնայ չուշանալ:

Զինատեսակներու գիւտերու բնօրրան մեր երկիրն ու ժողովուրդը անպայման պիտի ձերբազատուի այս դաւաճան իշխանութենէն եւ վերանորոգէ իր հերոս բանակը՝ ազգ-բանակ կարգախօսով, պաշտպանելու համար մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը եւ ազատագրելու մեր բոլոր գրաւեալ հողերը:

Փա՛ռք հերոս հայ զինուորին ու հերոսնե՛ր ծնող մայրերուն եւ յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

27 յունուար 2021

haroutchekijian.wordpress.com

 

(1)  «Պատմական Ուսումնասիրութիւններ», Նիկողայոս Ատոնց, Ա. Ղուկասեան հրատարակութիւն, Փարիզ, 1948 (հետ մահու լոյս տեսած):

(2)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Մհեր_Հակոբյան

(3) http://www.armenian-history.com/military/historical_battles/Metod_issues_Research_armenian_military_history.htm

 

Նախորդը

Հայկական Պասքեթպոլ. Վահագնի Սիթի Հանդիսացաւ 2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեան

Յաջորդը

«Գ. Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն 700 Համակարգչային Սարքեր Նուիրեց

RelatedPosts

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի
Անդրադարձ

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի

Փետրուար 4, 2023
Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Փետրուար 4, 2023
Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը
Անդրադարձ

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

Փետրուար 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In