Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Կեղծանունի Մը Պատմութիւնը

Յունուար 4, 2024
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Մեր գրականութեան մէջ շատ են գրական կեղծանուններով յայտնի գրողներ, որոնց մէկ մասը իրենք ընտրած են այդ կեղծանունը, իսկ միւս մասին կնքեր են:

Ծանօթանանք Օննիկ Կարապետեանի` Յովհաննէս Շիրազի գրական անուան պատմութեան:

«Շիրազ անունը ինձ տուել է Ատրպետը: 1935-ին, լոյս տեսաւ անդրանիկ ժողովածուս` «Գարնանամուտ»-ը` Վահրամ Ալաչանի խմբագրութեամբ, որուն երախտապարտ եմ: Գրքիս ճակատին արդէն առօք փառօք թառել էր Յովհաննէս Շիրազ անունը: Ատրպետն ասում էր, որ այս պատանու բանաստեղծութիւնները վարդաբոյր են, թարմ ու ցօղապատ, ինչպէս` Շիրազի վարդերը: Այդպէս էլ կնքուեցի Շիրազ:

Ընթերցողներս կշտամբում են յաճախ ասելով` գրել ես «Մեր մարդկանց անունները», բայց ինքդ պարսկական անուն ես վերցրել: Նոյնիսկ սփիւռքահայ մի թերթ առաջարկել է կոչուել Յովհաննէս Շիրակ, քանի որ Շիրակի ծնունդ եմ: Ուշ է, կարծում եմ, անուանափոխուելը»:

Գրական կեղծանունի ճիշդ ընտրութիւնն ու գրողի վարպետութիւնը մեզի կտակեցին անուշաբոյր ու գարնանաբոյր, թարմ ու վարդաբոյր շիրազեան բանաստեղծութիւնները:

Ուրիշ առիթով մը բանաստեղծը ըսած է.

«Իսկ ինչո՞ւ իմ անունը Շիրակ չէ, այլ` Շիրազ, դա կարծեմ համազգային հարց չէ: Իմ անունը գրող Ատրպետն է կնքել, ու նշանակում է շիր` առիւծ, ազ` առիւծի բերան: Նա ինձ այդպէս կնքեց, երբ կարդաց իմ «Սիամանթօ եւ Խջեզարէ» պոէմի ձեռագիրը եւ ասաց. «Սէրը ահա այսպէս պիտի գրեն. առիւծի բերանով լացած վիշտ է` առիւծի բերանով, սոխակի լեզուով: Ահա իմ անուան ծագումը»:

Լաւ Դրացին Աւելի Լաւ Է, Քան`
Հեռաւոր Ազգականը

Դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելը ունի շատ մեծ առաւելութիւններ: Բոլորս ալ բազմաթիւ անգամ հաստատած ենք, որ լաւ դրացնութիւն մը թանկագին օժանդակութիւն մըն է: Մեր լաւ եւ վատ օրերուն բարենկատ դրացիներ ունենալը իսկապէս նախախնամական է:

Բարի դրացնութեան համար կան շարք մը կանոններ, զորս պէտք է յարգենք: Եւ այսպէս`

– Երբ նոր տուն մը փոխադրուինք, ամենամօտիկ դրացիներուն պէտք է ներկայանանք: Ասիկա կրնայ դիւրութեամբ կատարուիլ վերելակին մէջ կամ շէնքին մուտքին` առաջին հանդիպման մը առիթով:

– Շէնքին յարկերուն վրայ ժպիտով բարեւենք մեր դրացիները, հարցնենք անոնց որպիսութիւնը` առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու:

– Պէտք չէ անտեղի մտերմութիւններ ստեղծել եւ յաճախ դրացիին դուռը թակել` գաւաթ մը սուրճ խմելու, հարցում մը հարցնելու, կամ բան մը փոխ ուզելու համար:

– Կենցաղավարական օրէնքը կ՛ըսէ, որ իրաւունք չունինք մեր աղմուկով մեր դրացիները խանգարելու: Այսպէս, իրիկուան ժամը 10:00-էն ետք կահոյք քաշքշելը, բարձր երաժշտութիւն լսելը, պարելը կամ վազվզելը անընդունելի են:

– Եթէ օրուան որոշ ժամ մը սովորութիւն ունինք մեր աղբին տոպրակը դրան առջեւ դնելու, ուշադիր ըլլանք, որ աղբի տոպրակները դրացիին դրան առջեւ չհասնին եւ նեղութեան ու վէճի դուռ չբանան:

– Եթէ տարեդարձ պիտի տօնենք, կամ տան մէջ անխուսափելի նորոգութիւն մը պիտի կատարենք իրիկուան ուշ ժամերուն, մեր անմիջական դրացիներուն հետ կապուինք եւ անոնց ներողամտութիւնը խնդրենք:

– Լաւ դրացնութիւնը կը սկսի փոխադարձ յարգանքով եւ ծառայութիւններով: Օրինակ` կրնանք շէնքին մէջ բնակող տարեց կամ հիւանդ դրացուհիի մը գնումները կատարել, մինչեւ դպրոց ընկերանալ մանչուկի մը, որուն ծնողները անկարելիութեան մատնուած են:

* * *

Այլ խօսքով, լաւ դրացին կ՛ըլլայ ազնիւ, ոչ` բամբասող կամ չարախօսող, այլ` փափկանկատ եւ ծառայասէր, գիտակից` իր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն, տեղին` մտերիմ, բայց ընդհանրապէս հաւասար հեռաւորութեան վրայ` բոլորէն:

Գեղեցիկ Կնոջ Մը Խոստովանութիւնները

 Մոնիքա Պելլուչի

Իտալացի դերասանուհի Մոնիքա Պելլուչին արդէն 59 տարեկան է, բայց ան չ՛ամչնար իր տարիքէն, չի թաքցներ իր կնճիռները եւ ֆոթոշոփի չի դիմեր: Անոր գեղեցկութիւնը բնական է, եւ տարիքը զինք չի խանգարեր:

Մոնիքան ամբողջ աշխարհին կ՛ապացուցէ, որ կինը կրնայ գեղեցիկ ըլլալ իւրաքանչիւր տարիքի:

«Գեղեցիկ ըլլալ 20 տարեկանին` բնական է: Բայց երբ դուն գեղեցիկ ես 35 եւ 45 տարեկանին, ատիկա արդէն դիրքորոշում է: Ես ծերանալէ չեմ վախնար, մեր արտաքինը կը գեղեցկացնէ այն, ինչ որ մեր ներսը պահուած է», կ՛ըսէ դերասանուհին:

Իտալուհին անշուշտ փոխուած է տարիներու ընթացքին, բայց կը շարունակէ հիացնել բոլորը: «Ես չեմ տագնապիր իմ արտաքինիս պատճառով: Կեանքի մէջ գլխաւորը ընդհանրապէս այդ չէ. գլխաւորը սիրելն է, խնդալը եւ իւրաքանչիւր օրուան համար ուրախանալը: Կրնայ շատ տարօրինակ թուիլ, բայց գեղեցիկ ըլլալու համար կարեւոր է շատ քնանալ, շատ ջուր խմել եւ զբաղիլ ինքնակրթութեամբ: Տարիքը միայն արտաքին փոփոխութիւնները չեն…»:

Մոնիքա Պելլուչին կը շեշտէ, որ ներկայիս ինք շատ աւելի ինքնավստահ է, քան` երիտասարդ ժամանակ: Անոր խօսքերով, տարիքը նաեւ կենսափորձ է: Կինը 50 տարեկանին կը ծիծաղի այն խնդիրներուն վրայ, որոնք 20 տարեկանին կ՛անհանգստացնէին զինք: Ան չի վախնար շրջապատի քննադատութիւններէն, եւ ուրիշներու կարծիքը այդքան ալ չ՛անհանգստացներ զինք:

«Ծերացումը բնական գործընթաց է, զոր հնարաւոր չէ կանգնեցնել, եւ բնական է, որ արտաքինը փոխուի: Անբնական է անընդհատ երիտասարդութեան ետեւէն վազելը` սեփական դէմքը անճանաչելի դարձնելով:

Հիասքանչ է այն, ինչ որ բնական է: Երբ դուն այլեւս ինքզինքիդ հետ ներդաշնակ չես, դուն կը դառնաս ծաղրանկար», կը հաստատէ իտալացի աստղը:

Եզրակացութիւն` պէտք չէ վախնալ տարիքէն: Շատ աւելի դիւրին է կեանքը, երբ մենք պարզապէս կ՛ընդունինք զայն: Վարենք առողջ ապրելակերպ, խնամենք մենք մեզ, ապրինք ներկայ պահը եւ մանաւանդ չվազենք արհեստականին ետեւէն:

Գործնական Գիտելիքներ

 Ինչպէս Ախտահանել Փայտէ Դգալները

Իսկ դուք տեղեա՞կ էք, որ խոհանոցը օգտագործուող փայտէ դգալները լեցուն են մանրէներով: Զանոնք մի՛ լուաք սովորական հեղուկ դեղերով, քանի որ աւելի եւս կը ծանրացնէք վիճակը: Ահաւասիկ` զանոնք իւղազերծելու, ախտահանելու եւ դարձեալ նորի տեսք տալու բնական միջոցները:

Ա.- Ճերմակ քացախին աւելցուցէք նոյն համեմատութեամբ ջուր, փայտէ դգալները մէջը մխրճեցէք եւ սպասեցէք առնուազն կէս ժամ, ապա մաքուր սպունգով մը լաւ շփեցէք եւ յետոյ ցամքեցուցէք, նախընտրաբար` արեւի տակ:

Բ.- Սոտան, այնպէս` ինչպէս քացախը, մանրէասպան եւ ախտահանող միջոց է: Անիկա նաեւ կը չէզոքացնէ փայտէ դգալներուն տհաճ հոտը:

Սոտայով եւ ջուրով մածուկ մը պատրաստեցէք եւ անով ծեփեցէք դգալին ամենակեղտոտ մասերը. սպասեցէք առնուազն 20 վայրկեան, ապա խոզանակով մը շփեցէք, առատ ջուրով ցօղուեցէք ու ցամքեցուցէք:

Գ.- Կիտրոնը նոյնպէս լաւ ախտահանիչ է: Մաքուր լաթ մը թաթխեցէք կիտրոնի հիւթին մէջ եւ մանրակրկիտ շփեցէք փայտէ դգալին աղտոտ բաժինները: Սպասեցէք 15 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք հոսող ջուրի տակ եւ ցամքեցուցէք:

Դ.- Քարաղը կ՛օգնէ մաքրելու փայտէ դգալներուն մակերեսը եւ հեռացնելու բիծերն ու մնացորդները: Կիսուած կիտրոնի կտորի մը կամ խոնաւ լաթի մը վրայ քարաղ ցանել եւ ապա շրջանաձեւ շարժումներով շփել փայտէ դգալները: Լաւ ցօղուել եւ չորցնել:

Նոյն այս միջոցներով կրնաք մաքրել ու ախտահանել նաեւ խոհանոցի աշխատանքի տախտակը:

Խոհագիր

Վարսակով Եւ Բանջարեղէններով
Հացիկներ

Բաղադրութիւն 12 հացիկի համար`

– 160 կ վարսակի փաթիլ
– 1 դդում` քերոցէ անցած
– 2 հաւկիթ
– 2 սոխ` մանրուած
– 1 պճեղ սխտոր` ճզմուած
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ քերոցէ անցած ստեպղին
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Ձիթաիւղ

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ շատ քիչ ձէթ տաքցնել եւ մանրուած սոխը մէջը դարձնել` մինչեւ որ թափանցիկ դառնայ:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել` վարսակի փաթիլները, դդումը, ստեպղինը, ազատքեղը, սխտորը եւ սոխը:

Երկրորդ փոս ամանի մը մէջ կոտրել հաւկիթները եւ 4 ապուրի դգալ ջուր աւելցնելով «զարնել»: Ստացուած խառնուրդը աւելցնել նախորդ խառնուրդին, աղ եւ սեւ պղպեղ աւելցնել, խառնել եւ քառորդ ժամ սառնարանը պահել:

Քառորդ ժամ ետք խառնուրդը ձեւաւորել կլոր, տափակ հացիկներու տեսքով եւ չկպչող տապակի մը մէջ քիչ մը ձէթ տաքցնել եւ զանոնք տապկել թեթեւ կրակի վրայ, իւրաքանչիւր երես մօտ 5 վայրկեան:

Մատուցել տաք կամ գաղջ վիճակով, աղցանի մը կողքին:

Գիտէ՞ք,  Թէ…

Շատ քիչ թիւով ուտելիքներ իրենց սննդական արժէքով կրնան մրցիլ վարսակին հետ:

Գիտական հետազօտութիւններ կը վկայեն, որ վարսակը օժտուած է բացառիկ բուժիչ յատկութիւններով, եւ պէտք է զայն օրական օգտագործել մեր կերակուրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` եփուկի ձեւով:

Վարսակին բուժիչ յատկութիւնները շատ են, թուենք մէկ քանին.

– Լեարդին ճամբով մարմինը կը մաքրէ բոլոր տեսակի թունաւոր նիւթերէն:
– Կը չափաւորէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ:
– Կը պակսեցնէ գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:
– Կը բարելաւէ մարսողութիւնը:
– Կը թարմացնէ մորթը եւ կը դարմանէ բշտիկները:
– Կը կարգաւորէ արեան գերճնշումը:
– Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէ:
– կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Կազդուրող է:
– Միզեցնող է եւ կ՛արգիլէ ջուրի կուտակումը մարմնին մէջ:
– Կը կանխարգիլէ օսթէօփորոզը:

Ինչպէ՞ս օգտագործել վարսակի փաթիլները:

Ա.- Նախաճաշի ընթացքին կաթին, մածունին կամ պտուղի հիւթին աւելցնելով` քորնֆլեքսի փոխարէն:
Բ.- Կրկնեփներու պատրաստութեան մէջ:
Գ.- Ապուրներուն մէջ:
Դ.- Աղցաններուն մէջ:
Ե.- Կսկուծի փոշիին փոխարէն` մսեղէններն ու ձկնեղէնները աւելի խրթխրթան դարձնելու համար:

*
*   *

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՈՐ ԱՊՐԵՄ ԵՐԿԱՐ

Շնորհակալ եմ ձեր լաւ խօսքերից.
Բարի,  բարեսիրտ ձեր մաղթանքներից`
Որ ապրեմ երկար, որ լինեմ առողջ,
Բախտս վայելեմ առօք ու փառօք,
Խուսափեմ ցրտից, յուզմունքից, վէճից,
Ու սրտիս մօտիկ չընդունե՜մ ոչինչ…

Ես համաձայն եմ, բայց, բարեկամներ,
Ես ինչպէ՞ս մնամ պաղ ու անտարբեր,
Ինչպէս անցնեմ ու չտեսնելու տամ
Կիսաքաղց ծերին, մուրացիկ մանկան,
Տեսնեմ վտանգը ու չտագնապեմ,
Տեսնեմ կեղծիքը ու չծառանամ,
Տեսնեմ սադրանքը ու չզայրանամ,
Կտրեմ կեանքի հետ կապերս բոլոր,
Ինչ է, թէ ապրեմ աւելի երկար:

Զուր էք ինձ կարդում խրատ ու յորդոր,
Միայն ապրելը քիչ է ինձ համար:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յունուար 2024)

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

10 Նշան, Որ Դուք Բաւարար Ջուր Չէք Խմեր
Կնոջական

10 Նշան, Որ Դուք Բաւարար Ջուր Չէք Խմեր

Յուլիս 10, 2025
Հոգեբանին Կարծիքով.  Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Երեխան Բռնածաղրէն
Կնոջական

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Երեխան Բռնածաղրէն

Յունիս 26, 2025
Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ…
Կնոջական

Ո՞ր Տարիքին Երեխան Կրնայ…

Յունիս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?