Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (3 Յունուար 2024)

Յունուար 3, 2024
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Ճենի Պապահէքեան եւ զաւակունք` Թամարա Քիրիաքոս եւ Արմանտ Թուրսարգիսեան
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Սօսի Գալինճեան եւ դստերք` Քրիստին եւ Գարին
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Լենա Պապահէքեան եւ զաւակները` Կարօ եւ Ալեք
Ռոզմերի Ուզունեան
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Մելինէ Ուզունեան եւ ընտանիք
Տիար Ռոպեր Ուզունեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Սթիւ եւ Տիան Արքլին եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Անի Պապահէքեան եւ ընտանիք
Պապահէքեան եւ Ուզունեան ընտանիքներ
Թուրսարգիսեան եւ Գալինճեան ընտանիքներ
Տէր Թորոսեան եւ Արքլին ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, քրոջ եւ հարազատին`

ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԱՀԷՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 2 յունուար 2024-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` չորեքշաբթի, 3 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, Նաքքաշ, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 4 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:

—————————————

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 6 յունուար 2024

Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Սուրբ Նշան մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը փոխանցէ`

ԳԵՐՇ.  ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Սկիզբ ժամերգութեան`ժամը 8:30-ին
Պատարագ`ժամը 10:00-ին
Քարոզ `ժամը 10:30-ին
Ջրօրհնէք`ժամը 11:30-ին

Սիրով կը սպասենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որպէսզի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար հռչակենք Ս. Ծննդեան աւետիսը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրբ Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին, առաջնորդ սրբազան հայրն ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00: Այնուհետեւ, ժամը 4:00-6:00, շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունուին Պուրճ Համուտ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի

—————————————

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`

ԳԵՐՊ. Տ. ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`   ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ`              ժամը 9:30-ին
Քարոզ`                          ժամը 11:00-ին

Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ ջրօրհնէք:

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան պատգամին:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

* ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ

Ուրբաթ, 5 յունուար 2024-ին

Մարգարէական ընթերցումներ` երեկոյեան ժամը 4:00-ին
Ս. պատարագ` երեկոյեան ժամը 5:00-ին

* ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ
ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին

Պատարագիչ եւ քարոզիչ`
Տ. ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Ջրօրհնէք` ժամը 11:30-ին

Ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ շնորհաւորանք եւ հիւրասիրութիւն:

* ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ

Կազմակերպութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին:

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Եկեղեցւոյ գրասենեակին մէջ, Ճիւնի:

* Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՓՈՔՐԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

Կազմակերպութեամբ` Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կատարողութեամբ` «Փոքրերու Աշխարհ» խումբին:

Շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Ս. պատարագէն ետք, երգեր, խաղեր, անակնկալներ եւ նուէրներ:

Եկէ՛ք միասնաբար դիմաւորենք Կաղանդ պապուկը:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

Կ՛ՈՒԶՈՒԻՆ

Մեքենաներու վրայ աշխատողներ (machine operators)` Ինթըրպրենտ-Տըպպայէ ընկերութեան համար:

INTERBRAND S.A.L. (RC, X-TRA, LIBBY’S եւ BONJUS) խմիչքներու եւ հիւթերու շիշեր լեցնող ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ կը փնտռէ իր արտադրութիւնները լեցնող եւ ծրարող մեքենաներու վրայ աշխատողներ` ընկերութեան ընդլայնման եւ արդիականացման գործընթացին հետ քայլ պահելու համար:

Գործի պայմաններ.

1) Դիմողները պէտք է ունենան առնուազն պրէօվէի վկայական` դպրոցէ կամ թեքնիք հիմնարկէ:

2) Փորձառութիւնը անհրաժեշտ չէ այս գործին համար` տրուած ըլլալով, որ ընկերութիւնը կը տրամադրէ յատուկ վարժողական դասընթացքներ:

3) Եթէ դիմողը արդիւնաբերական փորձառութիւն ունի, նոյնիսկ այլ մարզի մէջ, ապա այդ փորձառութիւնը առաւելութիւն կը նկատուի դիմումը ստուգելու ընթացքին:

4) Անհրաժեշտ է պատրաստակամութիւն ցուցաբերել ցերեկային եւ գիշերային ժամեր աշխատելու:

5) Ամսականը կրնայ հասնիլ մինչեւ 500 ամերիկեան տոլարի` հիմնուած փորձառութեան, հմտութիւններուն եւ աշխատանքային ժամերուն վրայ:

Դիմումները կ՛ընդունուին ընկերութեան Տըպպայէի կեդրոնատեղիին մէջ, եւ գործի կրնան դիմել արական եւ իգական սեռի պատկանողները:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ամանորի Պատգամը. Երբեք Չմարի Հայրենի Արցախ Վերադարձի Տեսիլքը Եւ Զօրեղ Մնայ Հաւատն Առ Աստուած

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Կեղծանունի Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (11 Յուլիս 2025)

Յուլիս 11, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (9 Յուլիս 2025)

Յուլիս 9, 2025
Յայտարարութիւններ

Մամլոյ Արձակուրդ

Յուլիս 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?