Այս տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Միլուոքի Պաքս շատ հանգիստ ձեւով յաղթած էր Նիւ Եորք Նիքսին երկու առիթով եւ ընդամէնը վերջին 9 ճակատումներուն միշտ ալ Միլուոքի յաղթական դուրս եկած էր: Սակայն, երկուշաբթի գիշեր Նիւ Եորք Նիքս իր դաշտին վրայ Ս. Ծնունդի օրուան ճակատումով 129-122 արդիւնքով իր համակիրները ուրախացուց: Ճէյլըն Պրունսըն 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որուն աստղերէն Ճուլիըս Ռենտըլ 24 կէտ աւելցուց եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Առ. Ճէյ., Պերըթ 21 կէտ աւելցուց պահեստի աթոռներէն ներկայանալով:
Եաննիս Անթեթոքումփօ եւ Տեմիըն Լիլըրտ 32-ական կէտ նշանակեցին ի նպաստ Պաքսի, մինչ Քրիս Միտըլթըն աւելցուց 24 կէտ: Միլուոքի այս ամիս 9 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն ձեռք ձգած է:
Միլուոքի, որ միջին հաշուով 132,4 կէտ կը նշանակէր այս ամիս, 40 կէտ հազիւ կրցաւ նշանակել կիսախաղէն 4 վայրկեան առաջ:
Ֆէօնիքս Սանզ 114-128 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մեւրիքսէն, որուն սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչ 50 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 15 էսիսթ եւս:
Այս մրցումին Տոնչիչ 10 հազար կէտի սահմանը անցաւ, երբ 7-րդ վայրկեանին իր 11-րդ կէտը նշանակեց:
24 տարեկան Տոնչիչ 6-րդ ամէնէն երիտասարդ մարզիկը եղաւ, որ կը հասնի 10 հազար կէտի` Լըպրոն Ճէյմսի, Քեւըն Տիւրենթի, Քոպի Պրայընթի, Քարմելօ Անթոնիի եւ Թրէյսի Մըքկրէյտիի ետին:
Տոնչիչ 10 հազար կէտէ հասաւ իր 358-րդ մրցումին հաւասարելով Պոպ Մըքարույի թիւերուն` 7-րդ դիրքին վրայ:
Ուիլթ Չեմպըրէյն 236 մրցումներէ ետք նշանակած էր 10 հազար կէտ, ապա Մայքըլ Ճորտըն (303 մրցում), Էլկին Պէյլըր (315), Քարիմ Ապտուլ Ժապպար (319) Օսքար Ռոպըրթսըն (334) եւ Ճորճ Կերվին (355):
Տոնչիչ մրցումը աւարտեց 50 կէտով` դառնալով 4-րդ մարզիկը «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան, որ առնուազն 50 կէտ կը նշանակէ Ս. Ծնունդի օրուան մրցումի մը` միանալով Պեռնարտ Քինկի` 60 կէտ (1984-ին), Ուիլթ Չեմպըրլէյնի` 59 կէտ (1961-ին), եւ Ռիք Պերիի` 50 կէտ (1966-ին): Տերեք Ճոնզ Ճունիըր նշանակեց 23 կէտ, մինչ Տերեք Լայվլի աւելցուց 20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ի նպաստ Տալասի:
Կրէյսըն Ալեն 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆէօնիքսի, որուն աստղերէն Քեւըն Տիւրենթ 16 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տեւըն Պուքըր 20 կէտ աւելցուց:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն շատ ախոյեան ելած խումբեր Պոսթըն Սելթիքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (17-ական անգամ) Լոս Անճելըսի մէջ մրցեցան իրար դէմ, ուր Պոսթըն 126-115 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Քրիսթափս Փորզինկիս 28 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պոսթընի, մինչ Անթոնի Տէյվիս եղաւ Լէյքըրզի լաւագոյն մարզիկը` նշանակելով 40 կէտ եւ ձեռք ձգելով 13 ռիպաունտ:
Ստորեւ` վերջին երկու օրերու մրցումներուն արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 108-145
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 104-106
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 110-117
Չարլոթ Հորնեթց – Տենվըր Նակեթց 95-102
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Եութա Ճեզ 119-126
Պրուքլին Նեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 126-115
Աթլանթա Հոքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 119-125
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 120-129
Շիքակօ Պուլզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 95-109
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 126-106
Տալաս Մեւրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 144-119
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 98-110
ԵՐԷԿ
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս 129-122
Տենվըր Նակեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 120-114
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 115-126
Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 119-113\
Ֆէօնիքս Սանզ – Տալաս Մեւրիքս 114-128