Ուրբաթ գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 61-47 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեցին Շիյեահի աղջկանց դէմ մրցումին:
Փաթիլ Ասատուրեան 32 կէտ նշանակեց, 6 ռիպաունտ, 5 էսիսթ եւ 6 սթիլ կատարեց: Լին Հոքայյեմ նշանակեց 8 կէտ եւ 6 ռիպաունտ: 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Փերլա Ղաթթաս:
Նշենք, որ Փաթիլ Լիբանանի ախոյեանութեան 3-րդ լաւագոյն կէտ նշանակողն է, միջին հաշուով 17 կէտ ամէն մրցումի, ինչպէս նաեւ 3-րդ առաւելագոյն սթիլ ընող մարզիկը` միջին հաշուով 3,4 սթիլ ամէն մրցումի:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները կը գրաւեն 3-րդ դիրքը եւ շաբաթ օր 9-րդ ու երթի վերջին հանգրուանին պիտի մրցին Անդրանիկի դէմ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ:
Երէկ, 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին գծով, գագաթի մրցումին, Ռիատի իր դաշտին վրայ 56-53 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անցեալ տարուան ախոյեան Պէյրութէն:


