Այսօր ժամը 21:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Շիյեահի դէմ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները իրենց կարելին պիտի ընեն հանգիստ խաղ խաղալու, առանց ճնշումի, խումբի մը դէմ, որ վերջընթեր դիրքը կը գրաւէ (9-րդ) եւ 1 յաղթանակ ձեռք ձգած է 7 մրցումի ընթացքին:
Տակաւին կը մնայ 1 մրցում, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Անդրանիկի դէմ:


