Այսօր ժամը 19:30-ին, Անսարի դաշտին վրայ, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Դ. խմբակին գծով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը, այս անգամ` Շարքի դէմ:
Առաջին մրցումին Ռիատի Պարժայի վրայ 8-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի տղաքը նոյն լրջութեամբ պիտի մրցին այսօր Շարքի դէմ, որ տակաւին մրցում չէ կատարած ախոյեանութեան գծով, որովհետեւ առաջին հանգրուանին դադար ունէր: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը ամէն գնով յաղթանակ պէտք է արձանագրեն, մանաւան որ յառաջիկայ շաբաթ մեր դադարի շաբաթն է:
Մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեան վստահաբար ուսումնասիրած է մրցակից Շարքը եւ մեր տղոց ցուցմունքներ տուած` ապահովելով, որ կրնանք հանգիստ մրցում մը ունենալ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու մեր տղաքը, որպէսզի յաւելեալ ուժ կարենան առնել 90 վայրկեան պայքարելու համար:


