Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգլիոյ Լիկայի Բաժակ. Չելսի Եւ Էվըրթըն Հասան Կիսաւարտականի

December 21, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ լիկայի բաժակի` «Քուրապաօ քափ»-ի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, շատ հետաքրքրական ճակատումի մը, Չելսի փենալթիներով դուրս ձգեց Նիւքեսըլը 4-2 արդիւնքով: Նիւքեսըլ շատ լաւ սկսաւ մրցումը, եւ 16-րդ վայրկեանին ալ կոլ նշանակեց շնորհիւ Քալլըմ Ուիլսընի: Այս կոլէն ետք Նիւքեսըլ պաշտպանողականի անցաւ եւ վստահեցաւ հակայարձակումներու: Իր կարգին, Չելսի, որ Փոչեթինոյի հետ ամէն մրցումի տարբեր ելոյթ կ՛ունենայ, բաւական լաւ ելոյթ մը ունեցաւ, բայց շատ առիթներ կորսնցուց, եւ մրցումը կ՛աւարտէր ի նպաստ Նիւքէսըլի, երբ 92-րդ վայրկեանին Թրիփիէ գնդակը դէպի ետեւ փորձեց փոխանցել, եւ ուքրանացի Միխայլօ Մուտրիք` «ուրախ իր նուէրով», նշանակեց հաւասարութեան կոլը:

Մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ եւ դիմուեցաւ փենալթիներու: Քոլ Փալմըր նշանակեց Չելսիի առաջին փենալթին: Քալլըմ Ուիլսըն` 1-1: Քանըր Կելեկըր 2-1 ի նպաստ Չելսիի, Թրիփիէ կորսնցուց… Քրիսթոֆըր Նքունքու 3-1, Պրունօ Կիմարէշ 3-2: Մուտրիք նշանակեց Չելսիի 4-րդը, բայց Մեթ Ռիչի ձախողեցաւ Նիւքեսըլի 4-րդ փենալթին նշանակելու արդիւնքը աւարտելով 4-2:

Էվըրթըն, որ կը հիւրընկալէր Ֆուլհեմը, կրցաւ նշանակել 2 կոլ, առաջինը` իր բերդին մէջ (սխալմամբ անշուշտ), եւ մինչեւ 82-րդ վայրկեան պարտուած էր, երբ Պեթօ կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: Մրցումը այդպէս ալ աւարտեցաւ եւ դիմուեցաւ փենալթիներու:

Էվըրթըն սկսաւ փենալթիները: Էվըրթըն 4-րդ փենալթին նշանակելէ ետք Ճորտըն Փիքֆորտ (Էվըրթընի բերդապահ) յաջողեցաւ զսպել Տը Քորտովա Ռիտի փենալթին: Սակայն անմիջապէս Էվըրթընի մարզիկ Ամատու Օնանայի փենալթին զսպեց Ֆուլհեմի գերմանացի բերդապահ Պերնտ Լենօ: 2-ական փենալթիներ յաջողութեամբ հարուածելէ ետք, Իթիսա Կէօյ Լենոցի (Ֆուլհեմ) բերդի ձողին դպցուց գնդակը… Ֆուլհեմի փենալթին կոլի վերածեց Ատարապիոյօ, որուն շնորհիւ Ֆուլհեմ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ լիկայի բաժակի կիսաւարտականին:

Միակողմանի մրցումի մը Միտըլզպրօ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթ Վէյլը: Միտըլզպրօ, որ Բ. դասակարգի միջին խումբերէն է, առաջին կիսախաղին 2 կոլեր նշանակած էր` շնորհիւ Հաուսընի եւ Ռոճըրզի, մինչ Քրուքս 53-րդ վայրկեանին նշանակեց 3-րդ կոլը: Փորթ Վէյլ 3-րդ դասակարգի խումբ մըն է:

Միտըլզպրոյին, Ֆուլհեմին եւ Չելսիին կիսաւարտականին պիտի միանայ Լիվըրփուլ – Ուեսթ Համ մրցումին յաղթականը:

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ի Ակումբներու Մոնտիալ. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Ֆլումինենսէ Հասան Աւարտականի

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Մըրենթ, Քըրի Եւ Լիլըրտ Կը Գրաւեն Լուսարձակները

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.