Վաղը ժամը 20:00-ին Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալի աւարտականը` Անգլիոյ եւ Եւրոպայի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի եւ Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Ֆլումինենսէի (Պրազիլ) միջեւ:
Մանչեսթըր Սիթի երեքշաբթի օր դուրս ձգած էր Ասիոյ ախոյեան Ուրաուա Ռետ Տայմընտծը 3-0 արդիւնքով: Մարիուս Հոյպրաթէն իր բերդին մէջ նշանակեց Սիթիի առաջին կոլը` կիսախաղէն քիչ մը առաջ: Բ. կիսախաղին Մաթէօ Քովասիչ եւ Պեռնարտօ Սիլվա նշանակեցին կոլեր, որոնց շնորհիւ Սիթի հանգիստ ձեւով հասաւ աւարտական մրցումին, ուր կրնայ դիւրին մրցակից մը ըլլալ Պրազիլի Ֆլումինենսէն, որ իր կարգին դուրս ձգած էր Եգիպտոսի Ահլին` 2-0 արդիւնքով: Ահլի շատ դժուար մրցակից մըն էր, եւ հակառակ Ֆլումինենսէի` գնդակի վրայ տիրապետելուն, կոլ նշանակելու առումով շատ աւելի վտանգաւոր առիթներ ստեղծեց, բայց օրուան հերոսն էր Պրազիլի բերդապահ Ֆապիօ, եւ չար բախտը միայն Ահլին առանց որեւէ կոլի ձգեց:
Վաղը, ժամը 16:30-ին, Ուրաուա Ռետ Տայմընտծ 3-րդ դիրքին համար պիտի մրցի Ահլիի դէմ:


