Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Մըրենթ, Քըրի Եւ Լիլըրտ Կը Գրաւեն Լուսարձակները

December 21, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն քանի մը մարզիկներ լուսարձակները կեդրոնացուցին իրենց ելոյթներուն վրայ:

Արդարեւ, 25 մրցում կախակայուելէ ետք, Ճա Մըրենթ վերադարձաւ, նշանակելով 34 կէտ. վերջին զոյգը յաղթանակի կողովն էր պազըր պիթըրին (մրցումի աւարտի զանգին): 8 ամիս հեռանալէ ետք (կախակայում) պասքեթպոլէն, Մեմֆիսի փոյնթ կարտ Ճա Մըրենթ գրեթէ նոյն բարձր մակարդակի խաղը շարունակեց, եւ իր խումբը, որ 25 մրցումներուն 19 պարտութիւն կրած էր, յաջողեցաւ 7-րդ յաղթանակը արձանագրել 115-113 արդիւնքով` Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ: Փելիքընզի լաւագոյն մարզիկն էր Պրենտըն Ինկրամ, որ իր կարգին 34 կէտ նշանակեց:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 4-րդ մասը պիտի սկսէր, երբ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կը պարտուէր (97-86) 11 կէտի տարբերութեամբ, Սթեֆ Քըրի 13 կէտ նշանակած էր եւ կատարած 5 ֆաուլ («Էն. Պի. Էյ.»-ի օրէնքով 6 ֆաուլէն դուրս կու գայ մարզիկ մը), մրցումը աւարտեցաւ եւ Քըրի 33 կէտ նշանակած էր, իսկ Կոլտըն Սթէյթ` յաղթական` Պոսթընի դէմ 132-126 (յետ երկարաձգումի):

Պոսթըն Սելթիքս, որ պահ մը 17 կէտի առաւելութիւն ալ ունէր, չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը, մանաւանդ որ իր աստղերէն Ճէյսըն Թէյթըմ շատ լաւ օրերու մէջ չէ, եւ նշանակեց միայն 15 կէտ: Տերեք Ուայթ աւելցուց 30 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ի նպաստ Պոսթընի, եւ Ճէյլըն Պրաուն 28 կէտ նշանակեց:

Կոլտըն Սթէյթի մարզիկներէն Քլէյ Թոմփսըն 24 կէտ նշանակեց` Սթեֆ Քըրիի նման 6 անգամ 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով, մինչ Քրիս Փոլ 9 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց: Անոր 12-րդ էսիսթը Քըրիին էր, երբ 10 երկվայրկեան մնացած արձակեց 3 կէտնոց հարուած մը, որ նշանակելէ ետք մրցումին կէտերը գրեթէ անհասանելի եղան (126-130)` ընելով նայթ-նայթ (գիշեր բարիի) հռչակաւոր նշանը:

Տեմիըն Լիլըրտ 40 կէտ նշանակեց, երբ իր խումբը` Միլուոքի Պաքս 132-119 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզին:

Լիլըրտ եղաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 51-րդ մարզիկը, որ կը նշանակէ 20 հազար կէտերէ աւելի: Սան Անթոնիօ Սփըրզի լաւագոյն մարզիկն էր Քելտըն Ճոնսըն, որ 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Ֆէօնիքս Սանզի թիւ 1 աստղ Քեւին Տիւրենթ իր կարգին 40 կէտ նշանակեց, բայց անգամ մը եւս Սանզ պարտութիւն մը կրեց, տարեշրջանի իր 13-րդը` 27 մրցումներու ընթացքին, այս անգամ` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտին վրայ` 109-104 արդիւնքով: Տիւրենթ իր վերջին 10 խաղերուն առնուազն 27 կէտ կը նշանակէ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 113-115
Միլուոքի Պաքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 132-119
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆէօնիքս Սանզ 109-104
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 132-126

 

Նախորդը

Անգլիոյ Լիկայի Բաժակ. Չելսի Եւ Էվըրթըն Հասան Կիսաւարտականի

Յաջորդը

Լիբանանի Թաու Լուի 2023-2024 Տարեշրջանի Ս. Ծննդեան Ախոյեանութիւն

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.