Ռուսիոյ ֆութպոլի միութիւնը երէկ ժողով մը ունէր քուէարկութիւն կատարելու` իրենց մասնակցութիւնը խզելու համար «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին հետ եւ միանալու Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Սակայն քուէարկութենէն ետք որոշուեցաւ մնալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հովանիին տակ, մանաւանդ որ Մոսկուա կը տեսնէ, թէ մօտիկ ապագային կապերը դէպի լաւ պիտի ընթանան:
Համաշխարհային եւ Եւրոպայի ֆութպոլի ֆետերասիոնները, ՖԻՖԱ եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.» 2022-ի փետրուարին որոշած էին կասեցնել բոլոր ռուսական խումբերուն, ազգային թէ ակումբներ, մասնակցութիւնը որեւէ միջազգային մրցումի, երբ Մոսկուա զինուորական գործողութիւններու սկսած էր Ուքրանիոյ մէջ:
Լրջօրէն կը մտածէինք միանալ Ասիոյ ֆետերասիոնին, սակայն ՖԻՖԱ-ի կողմէ յստակ պատասխան չառնելէ ետք, թէ արդեօք կարելի՞ է վաւերացնել մեր մասնակցութիւնը, թէ՞ ոչ, որոշեցինք մնալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հետ, յայտնեց Ռուսիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Ալեքսանտր Տիուքով:
ՖԻՖԱ-ն քիչ մը «կակուղցած» էր` առիթ տալով միջազգային մրցաշարքերու 17-էն վար պատանիներու տղոց եւ աղջկանց խումբերու մասնակցութեան: Տիուքով կը կարծէ, թէ մօտ օրերուն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ալ պիտի կակուղնայ, եւ արդէն յարաբերութիւնները բաւական բարելաւուած կը թուին ըլլալ:


