Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդի Տեղական Եւ Տարածքային Իշխանութիւններու Քոնկրեսը Դատապարտած Է Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսը հրատապ քննարկում կատարած է Արցախի հարցով եւ հռչակագիր որդեգրած: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրառումով կը հաղորդէ Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը:

Ըստ այդ հաղորդագրութեան, Եւրոպական խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնը, ափսոսանք յայտնած մարդասիրական հետեւանքներուն համար եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած ազատ արձակելու Արցախի բոլոր ներկայացուցիչները:

Ըստ Եւրոպական խորհուրդի կայքին վրայ հրապարակուած նախագիծին, Քոնկրեսը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ 19-20 սեպտեմբերին գործուած զինուորական գործողութիւնն ու անոր նախորդող տասնամսեայ շրջափակումը:

Ըստ նախագիծին, Քոնկրեսը կը ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ ստեղծուած մարդասիրական կացութեան վերաբերեալ եւ կ՛ողջունէ Հայաստանի իշխանութիւններու ջանքերը` արձագանգելու Արցախէն տեղահանուածներու կարիքներուն:

Եւրոպական խորհուրդի Տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ ձեռնպահ մնալու որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ յանգեցնել կացութեան հետագայ վատթարացման, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ ազատ արձակել Արցախի բոլոր ներկայացուցիչները, ներառեալ պաշտօնատարները:

Իր աջակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու` արցախցիները ընդունելու հարցին մէջ թափած ջանքերուն, Քոնկրեսը Եւրոպական այլ երկիրներու ազգային, շրջանային եւ տեղական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` այս հարցին մէջ աջակցելու Հայաստանին:

Ըստ հրապարակումին, Քոնկրեսը «Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` ապահովելու մարդասիրական օգնութեան անարգել առաքումը այդ շրջանին մէջ մնացածներուն, ներառեալ Լաչինի միջանցքի ամբողջական վերաբացման միջոցով»:

Նախորդը

Միաթովիչ. «Ազրպէյճան Պէտք Է Երաշխաւորէ Հայերու Իրաւունքները, Ներառեալ Իրենց Տուներ Ապահով Վերադարձի Իրաւունքը»

Յաջորդը

Օվերչուքի Համաձայն. Երկաթուղիի Տարբերութիւնը Ընդամէնը 8 Քիլոմեթր Եւ 2 Կամուրջ Է

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ
Հայկական

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Նոյեմբեր 1, 2025
Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հայկական

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?