Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միաթովիչ. «Ազրպէյճան Պէտք Է Երաշխաւորէ Հայերու Իրաւունքները, Ներառեալ Իրենց Տուներ Ապահով Վերադարձի Իրաւունքը»

October 28, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մարդու իրաւունքներու խախտումները դարձեալ նշանաւորեցին Ղարաբաղի շրջանին մէջ եւ անոր շուրջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ տագնապի վերջին գլուխը», Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելութիւնները ամփոփելով յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ:

«Մարդու իրաւունքներու նկատմամբ լիակատար յարգանքն ու միջազգային չափանիշներուն խստօրէն հետեւիլը պէտք է դրուին երկու երկիրներուն միջեւ հաշտեցման եւ կայուն խաղաղութեան ճամբու կեդրոնին մէջ», ընդգծած է յանձնակատարը:

Միաթովիչ երկու երկիրներ այցելած է 16-23 հոկտեմբերին, հանդիպած է ղեկավար պաշտօնատարներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, տագնապէն վնասուածներու, միջազգային եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, եղած է նաեւ հայաթափուած Արցախի մէջ: «Այցելութեան պատճառը սեպտեմբերի վերջաւորութեան ընդամէնը քանի մը օրուան մէջ Հայաստան փախած աւելի քան 100 հազար 600 ղարաբաղցի հայերու զանգուածային տեղահանումն էր: Ատիկա յաջորդեց 19 եւ 20 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններու, շրջանի հետագայ լիակատար վերահսկողութեան եւ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքով ճամբու իննամսեայ փակման պատճառով մարդոց տեղաշարժի եւ հիմնական ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ ուժանիւթի հասանելիութեան երկարատեւ խափանումներուն», նշած է Միաթովիչ` աւելցնելով, որ Ղարաբաղի հայերը «յայտնուեցան լքուած վիճակի մէջ` առանց որեւէ կողմէ որեւէ յուսալի անվտանգութեան կամ պաշտպանութեան երաշխիքներու»: «Անոնց համար տունէն հեռանալը միակ հասանելի տարբերակն էր», նշեց ան:

Հայաստանի մէջ Միաթովիչ այցելած է Կոտայքի մարզի Աղաւնաձորի եւ Ծաղկաձորի տեղահանուածներու կացարաններ, «ուր զրուցած է ղարաբաղցի հայերու, ներառեալ ընտանիքներու, տարեցներու, հաշմանդամութիւն ունեցող եւ այլ խոցելի անձերու հետ»: Յանձնակատարը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

«Յանձնակատարը կրկին ողջունեց Հայաստանի իշխանութիւններու ջանքերը` ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի, ՄԱԿ-ի այլ գործակալութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան աջակցութեամբ բոլոր կարիքաւորներուն անյապաղ օգնելու համար: Ան Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ լիարժէք աջակցութիւն ցուցաբերելու` ապահովելու անհրաժեշտ աջակցութեան կայունութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Միաթովիչին տեղակացուցած են «Ղարաբաղի շրջանի եւ այնտեղ ապրող մարդոց վերահամարկման համար պետութեան ձեռնարկած քայլերուն մասին»: «Յանձնակատարը ընդգծեց, որ Ազրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ շրջանին մէջ մնացած հայերու եւ Հայաստան մեկնածներու մարդու իրաւունքները, ներառեալ` ապահով եւ արժանապատիւ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, որ տարածած է յանձնակատարի գրասենեակը:

«Առաջին անգամն էր տասնամեակներու ընթացքին, որ նման իրաւապաշտպան առաքելութիւն կրցաւ այցելել շրջան (Արցախ, որ հաղորդագրութեան մէջ կը ներկայացուի իբրեւ «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջան», եւ յարակից շրջաններ, «Ա.»), թէեւ այցելութեան ծիրը սահմանափակ էր ականներու գոյութեան հետ առնչուած անվտանգային նկատառումներով: Յանձնակատարը մեկնեցաւ Ֆիզուլի, Շուշա (Շուշի, «Ա.»), Մալիպէյլի գիւղ, Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.»), Խոջալու եւ Աղտամ: Ան ցնցուած էր` տեսնելով, որ Խանքենդի քաղաքը գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկուած է սեպտեմբերին բնակչութեան հեռանալէն ետք: Անոր տեղեկացուցին, որ շրջանին մէջ շատ քիչ հայեր մնացած են», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յանձնակատարը Ֆիզուլիի եւ Աղտամի մէջ «տեսաւ աւերուած քաղաքներն ու գիւղերը, որոնք ակներեւաբար տասնամեակներ շարունակ աւերակ վիճակի մէջ եղած են»:

«Ազրպէյճան այցելութեան ընթացքին յանձնակատարը հանդիպեցաւ տեղահանուածներու, ականներէն վնասուածներու, նախապէս մարդու իրաւունքներու խախտումներու ականատեսներու եւ վերապրածներու ու անոնց ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուածներու ընտանիքներու անդամներու հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Միաթովիչ երկու երկիրներուն մէջ ընդգծած է «բոլոր տեղահանուածներու մարդու իրաւունքներու ապահովման կարեւորութիւնը, ներառեալ անոնց` արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը. ականներու եւ պատերազմի պայթուցիկ մնացորդներու վտանգէն պաշտպանուելու իրաւունքը, գերիներու` պաշտպանութիւն ստանալու մարդու իրաւունքները, անհետ կորսուածներու ճակատագիրը եւ գտնուելու վայրը իմանալու իրաւունքը, տագնապին առնչուած մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու վերաբերեալ անկախ եւ արդիւնաւէտ հետաքննութեան անհրաժեշտութիւնը եւ զոհերու համարժէք ու արդիւնաւէտ փոխհատուցում տրամադրելու կարեւորութիւնը»:

Ան շեշտած է, որ «այժմ առաւել քան երբեւէ բոլոր կողմերը պէտք է վճռական քայլերու ձեռնարկեն` կանխարգիլելու եւ պայքարելու ատելութեան խօսքին դէմ, ինչպէս նաեւ աջակցին համակեցութեան եւ հաշտեցման նպաստող նախաձեռնութիւններուն»:

Յանձնակատարը իր դիտարկումներն ու առաջարկները պիտի ներկայացնէ յառաջիկային:

 

Նախորդը

Պատասխանելով Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարարին` «Ազրպէյճանի Տարածքին Մշակութային Ժառանգութիւնը Կը Ներկայացնէ Ազրպէյճանցի Ժողովուրդի Մշակութային Բազմազանութիւնը` Անկախ Ատոր Ծագումէն» Կ՛ըսէ Պաքու

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Տեղական Եւ Տարածքային Իշխանութիւններու Քոնկրեսը Դատապարտած Է Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.