Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը կ՛ընկալէ իբրեւ սեփական ողբերգութիւն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուս հայրենակիցներու խորհրդաժողովի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
«Մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան 100 հազար բնակիչներ` հայեր, նաեւ ռուսեր, ստիպուած լքեցին իրենց հայրենիքը: Մոսկուան անոնց օգնութիւն կը ցուցաբերէ թէ՛ սեփական կազմակերպութիւններու, թէ՛ ալ պետական մակարդակով», ըսած է դեսպանը: