ԹՐԻՓՓ-ի մուտքի եւ ելքի հատուածները կը գտնուին Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, հիմնական թեքնիք շրջագիծերը պէտք է համաձայնեցուին Պաքուի հետ: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններ ընթացած են ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման ծիրին մէջ նախապատրաստական աշխատանքներու հարցերու շուրջ: Միեւնոյն ժամանակ, այդ երկաթուղիի մուտքի եւ ելքի կէտերը կը գտնուին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ:
«Նախագիծի իրականացման մօտենալուն զուգընթաց միանգամայն օրինաչափօրէն հարց յառաջացած է ատոր թեքնիք շրջագիծերը ազրպէյճանական կողմին հետ պարտադիր համաձայնեցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է միացեալ թեքնիք աշխատանքային խումբ ստեղծելու վերաբերեալ, որ իր աշխատանքը սկսած է 6 նոյեմբերին», յայտարարած է նախարարը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, թեքնիք աշխատանքային խումբի հիմնական խնդիրը թեքնիք շրջագիծերու համաձայնեցումն է երկու ուղղութիւններով` փոխադրամիջոցային, որ կ՛ընդգրկէ թէ՛ ինքնաշարժային, թէ՛ ալ երկաթուղային ճամբան, ինչպէս նաեւ ելեկտրական մալուխի նախագիծը: Բացի ատկէ, խումբը պէտք է ապահովէ համապատասխան ենթակառոյցներու միացման համար անհրաժեշտ աշխատանքներու իրականացումը:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը գործնականին մէջ աւարտին կը հասցնէ փոխադրամիջոցային նախագիծերու իրականացումը իր տարածքին մէջ` թէ՛ ինքնաշարժային, թէ՛ ալ երկաթուղային ճամբաներու ոլորտին մէջ: Երկաթուղին մինչեւ Հայաստանի հետ սահման հասցնելու աշխատանքները կ՛ընթանան արագացուած կշռոյթներով, եւ յաջորդ տարուան սկիզբին այդ հոլովոյթը պիտի աւարտի», աւելցուցած է Ճէյհուն Պայրամով:


