Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթար առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցելութեամբ հասած է Ազրպէյճան: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Էրսին Թաթարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մինչեւ 16 հոկտեմբեր Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի տարբեր ձեռնարկներու:


