Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պէտք Է Ընտրէ Եւրոպական Միութեան Ու ՕԹԱՆ-ի՞ Հետ Պիտի Ըլլայ, Թէ՞ Համասի, Իրանի Եւ Ռուսիոյ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Փոխնախագահը

October 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարկարիթի Սխինա յայտնեց. որ «Թուրքիան պէտք է ընտրէ Եւրոպական Միութեան ու ՕԹԱՆ-ի՞ հետ պիտի ըլլայ, թէ՞ Ռուսիոյ, Իրանի, Համասի եւ Հըզպալլայի»` աւելցնելով. «Պատասխանը պէտք է շատ յստակ ըլլայ»: Ան այս մասին յայտարարեց Արեւելեան Միջերկրականի եւ Հարաւարեւելեան Եւրոպայի 2-րդ խորհրդաժողովին մէջ, որ կազմակերպած էր Տելֆիի տնտեսական համախմբումը:

«Անցեալ շաբաթ օր բոլորս արթնցանք ցնցող լուրէն` Համասի կողմէ Իսրայէլի պետութեան եւ անմեղ մարդոց դէմ կատարուած դաժան բազմակողմ ահաբեկչութեան մասին: Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր 27 երկիրները առաջին իսկ պահէն միաձայնութեամբ ճանչցան Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, դատապարտեցին ահաբեկչութիւնը եւ բարձրաձայն յայտարարեցին, ո՛ր ահաբեկչութիւնը արդարացում չունի:

«Թուրքիան պէտք է ընտրէ, թէ պատմութեան ո՛ր կողմը կ՛ուզէ ըլլալ, մեր` Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի մեր արժէքներու, Արեւմուտքի ոգիի՞ն հետ, թէ՞ Մոսկուայի, Թեհրանի, Համասի եւ Հըզպալլայի հետ: Պատասխանը պէտք է յստակ ըլլայ», ընդգծեց ան:

Ան նոյն ատեն նշած է, որ Թուրքիան Եւրոպայի եւ շրջանին մէջ կայունութեան հիմնական գործընկեր է այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են գաղթն ու առեւտուրը:

Անդրադառնալով Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումներուն` ան ըսաւ, որ ատոնք լաւատեսութիւն կը սերմանեն` դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ թուրք-եւրոպական գործընկերութեան ամբողջ ներուժը բանալու հարցին մէջ` աւելցնելով. «Ատիկա տեղի ունենալու համար անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն»:

 

Նախորդը

Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն Պէյրութ Շահեցաւ Բաժակը Սերժիօ Տարուիշ` «Էմ. Վի. Փի.»

Յաջորդը

Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրքերուն Ղեկավարը Այցելած Է Ազրպէյճան

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.