Աֆղանիստանի մէջ քանի մը օրուան ընթացքին 2-րդ ուժգին երկրաշարժը արձանագրուած է: Առաջին երկրաշարժին պատճառով աւելի քան 2000 զոհ արձանագրուած էր, եւ ամբողջ գիւղեր հողին հաւասարած էին:
Նոր երկրաշարժի ուժգնութիւնը 6,3 եղած է, եւ տեղի ունեցած է Հերաթէն շուրջ 28 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Երկրաշարժին պատճառով վնասուած են առնուազն 80 անձեր, իսկ հողի սահանքը փակած է Հերաթ-Թորկոնտի գլխաւոր մայրուղին: Այս մասին յայտնած է տեղեկատուութեան նախարարութեան բանբեր Ապտուլուահիտ Ռայան: