Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են «3+3» Ձեւաչափը

October 12, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 10 հոկտեմբերին իր իրանցի պաշտօնակից Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ քննարկած է Միջին Արեւելքի կացութեան վատթարացումը եւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Երկու նախարարները միտքեր փոխանակած են Միջին Արեւելքի օրակարգին շուրջ` շեշտը դնելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին վրայ:

Անոնք անդրադարձած են այդ ճակատումի շուտափոյթ դադրեցման եւ միջազգային հանրայայտ իրաւական ճամբով կացութեան կարգաւորման ուղիներուն:

Լաւրով եւ Ապտոլլահեան քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան եւ կարեւոր նկատած «3+3» խորհրդատուական շրջանային հարթակի ծիրին մէջ միացեալ աշխատանքի արագ վերսկսումը:

Անդրադարձ եղած է երկկողմանի համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու: Զրոյցը տեղի ունեցած է իրանեան կողմի նախաձեռնութեամբ:

Փութին Եւ Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան
Ընթացքին Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Հակամարտութիւնը

Տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:

Զրոյցի ընթացքին պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Իսրայէլի եւ Պաղեստինի տագնապին ընթացքը, ատոր դադրեցման ուղիները եւ շրջանին մէջ մարդասիրական կարիքները բաւարարելու կարելիութիւնը:

Էրտողան ըսած է, որ իրեն կը մտահոգեն քաղաքային բնակավայրերու վրայ յարձակումները:

Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, որ իր երկիրը պիտի փորձէ կարելին ընել շրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար:

 

Նախորդը

Քանի Մը Օրուան Ընթացքին 2-րդ Ուժգին Երկրաշարժը Հարուածած Է Աֆղանիստանը

Յաջորդը

Օդէն, Ծովէն Եւ Ցամաքէն Կազայի Բուռն Ռմբակոծումը 5-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.