Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նախիջեւանի մէջ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Համոզուած եմ, որ Ղարաբաղ բնակող հայ ազգաբնակչութեան ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ համարկուելու հոլովոյթը յաջող պիտի ընթանայ»:
Էրտողան միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Նախիջեւանը տակաւին մեծ ներուժ ունի տնտեսութեան, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի տեսանկիւնէն: «Կասպից ծովէն անցնող Արեւելք-Արեւմուտք միջազգային Կեդրոնական միջանցքի կարեւորութիւնը սկսած է աւելի գիտակցուիլ մեր շրջանին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի եւ պատերազմներու հետեւանքով: Այս առիթով Իգդիր-Նախիջեւան կազի խողովակի նախագիծը, որուն հիմը մենք նոր դրած ենք, պիտի նպաստէ Ազրպէյճանի հետ ուժանիւթի ոլորտին մէջ մեր գործընկերութեան հետագայ խորացման, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման անվտանգութեան», ըսած է Էրտողան:
Հանդիպումի ընթացքին Էրտողանն ու Ալիեւը ստորագրած են «Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ Կարս-Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցման նախագիծին վերաբերեալ մտադրութիւններու մասին արձանագրութիւնը»:
«Բացի Կարս-Նախիջեւան երկաթուղիի նախագիծէն, ստորագրուած են նաեւ զանգուածային բնակարանաշինութեան եւ ելեկտրականութեան մասին համաձայնագիրներ: Այսպիսով, մենք հաստատած ենք մեր պատրաստակամութիւնը` զարգացնելու մեր յարաբերութիւնները փոխադրամիջոցներու, գումակայինի եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ», ըսած է Էրտողան:
Ան յայտնեց, որ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը «կարելիութեան պատուհան բացած է շրջանին մէջ կացութիւնը կարգաւորելու համար»:
Էրտողան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանը «անկեղծ քայլեր»-ու պիտի ձեռնարկէ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան համար այս կարելիութենէն օգտուելու համար: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանը պիտի պատասխանէ իրեն մեկնած խաղաղութեան ձեռքին եւ ազնիւ քայլերու պիտի ձեռնարկէ», ըսած է ան:
Էրտողան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի յաջողութիւնը հպարտութիւն է Թուրքիոյ համար, եւ շնորհաւորած է ազրպէյճանական բանակը` շրջանի խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ «զգայնութիւն» ցուցաբերելու համար: