Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Խաղաղապահները Ղարաբաղի Մէջ Իրական Հերոսութիւն Ցուցաբերած Են. Անոնց Հասցէին Հնչող Բոլոր Մեղադրանքները Անհիմն Են»

September 26, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան համաձայն չէ ռուս խաղաղապահները որեւէ բանի մէջ մեղադրելու փորձերուն: Այս մասին յայտարարեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Անոր համաձայն, Ռուսիան բացարձակապէս համաձայն չէ Ղարաբաղի մէջ կացութեան պատասխանատուութիւնը Մոսկուայի եւ ռուս խաղաղապահներուն վրայ դնելու փորձերուն: «Մենք կը հասկնանք այս պահու յուզական շիկացածութիւնը, սակայն կտրականապէս համաձայն չենք պատասխանատուութիւնը դնելու փորձին ռուսական կողմի կամ, առաւել եւս, ռուս խաղաղապահներուն վրայ, որոնք իսկական հերոսութիւն կը ցուցաբերեն` կատարելով իրենց գործառոյթները այն լիազօրութեան համապատասխան, որ ունին», ընդգծած է Փեսքով:

«Խաղաղապահները մեղադրել, թէ անոնք բան մը չեն ըներ, ոչ ոք կրնայ: Երբեք նման մեղադրանքներուն պիտի չհամաձայնինք», ըսած է ան:

Փեսքով նշած է, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ հաղորդակցութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, եւ իր գործունէութիւնը` Ղարաբաղի հայերու բոլոր իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ապագային ռուս խաղաղապահները պիտի մնա՞ն Ղարաբաղի մէջ, Քրեմլինի բանբերը ըսած է. «Առայժմ դժուար թէ ոեւէ մէկը կարենայ ատիկա ըսել: Անոնք այժմ փաստացի կը գտնուին Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: Մենք կը շարունակենք մեր հաղորդակցութիւնները Պաքուի հետ, խաղաղապահները օգնութիւն կը ցուցաբերեն եւ ներկայ են Ղարաբաղի հայերու եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ արդէն սկսած բանակցութիւններուն: Այդ աշխատանքը ներկայիս կը շարունակուի»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի Նախիջեւանի մէջ կայանալիք Էրտողան-Ալիեւ հանդիպումին, Փեսքով ըսած է. «Մենք ամէն անգամ յոյս կը դնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահին բոլոր հանդիպումները, ներառեալ Թուրքիոյ նախագահի հետ, կը նպաստեն շրջանի անվտանգութեան, կը նպաստեն Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածէն ետք կեանքի բնականոնացման: Ճիշդ այսպիսի ակնկալիքներ»:

Ան նշեց, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան իրենց գերիշխան իրաւունքը կ՛իրականացնեն համագործակցութեան զարգացման համար: «Մենք գիտենք, թէ որքա՛ն սերտ են Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ կապերը: Մենք նոյնպէս ոչ նուազ սերտ կապեր ունինք Անգարայի եւ Պաքուի հետ», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Մոսկուան յառաջիկային յայտարարութիւն պիտի կատարէ Հայաստանի ղեկավարութեան քանի մը արտայայտութիւններուն վերաբերեալ, որոնք կը վնասեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

«Ես կրնամ ըսել, որ, անշուշտ, Մոսկուայի մէջ ուշադրութիւն դարձուցած են ամբողջ շարքին իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւններուն, որոնք նախ եւ առաջ հակաքայլ են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: Այդ յայտարարութիւնները կատարուած են Հայաստանի վարչապետին եւ Երեւանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն կողմէ: Անոնց շուտով մանրամասն պատասխան պիտի տրուի», ըսած է Զախարովա:

 

Նախորդը

Անգարան Մոսկուայի Հետ Տակաւին Չէ Քննարկած Քառակողմ Հանդիպումի Առաջարկը, Սակայն Ծրագիրներ Կան

Յաջորդը

Նախիջեւանի Մէջ Ալիեւ-Էրտողան Հանդիպում

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.