Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի Նորագոյն Գործերու Ցուցահանդէս

Սեպտեմբեր 26, 2023
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նախկին լիբանանահայ, ներկայիս քանատահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեան կը գտնուի Լիբանան իր արուեստը ներկայացնելու   ցուցահանդէսով մը, որ տեղի պիտի ունենայ 26 սեպտեմբերէն 20 հոկտեմբեր:

Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Դուք կը նկատուիք գերիրապաշտ եւ կամ նոյնիսկ վերացական ոճի նկարիչ-արուեստագէտ: Արուեստի մէջ ի՞նչ է ձեր ոգեշնչումի աղբիւրը եւ ինչո՞ւ այս ուղին որդեգրած էք ձեր ստեղծագործական կեանքին ընթացքին:

ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՈԲԵԱՆ.- Այս վերջին երեք տարիներուն շուրջս սեւ կը տեսնէի: Արուեստագէտները ընդհանրապէս կը ստեղծագործեն այն, ինչ որ իրենք կը զգան, եւ ոչ թէ այն, ինչ որ մարդիկ կը սիրեն եւ կամ կ՛ընդունին, որովհետեւ նախ դուն քեզ պիտի գոհացնես, ապա` շուրջիններդ: Արուեստագէտները միշտ պատրաստ են նորարութիւններու ընդունման եւ գործադրութեան, մինչ այդ` մարդոց կողմէ ժամանակ կ՛առնէ ըմբոշխնելը:

2022-ին սկսայ 31 հատ «Artist» անունով գեղանկարներ ստեղծագործել, որովհետեւ զգացի որ «artist» ընկերներս շատ չարչարուեցան վերջին երեք տարիներուն «Քորոնա»¬ի խիստ մեկուսացման օրէնքներուն պատճառով, անշուշտ ես ալ մէջը ըլլալով, բայց ես 12-15 ժամ կը գծէի ամէն օր, հետեւաբար այդքան ալ չզգացի, բայց ուրիշներու համար, օրինակ դաշնակահարին, երգիչին, խմբավարին եւ այլ արուեստագէտներու` աւելի դժուար էր:

Ընդհանրապէս որեւէ գեղանկար, զոր պիտի գծեմ կ՛աշխատիմ հանգրուանային, այսինքն` մաս մը կը գծեմ, հետագային միւս բաժինը կ՛ամբողջացնեմ: Ես կը հաւատամ, որ կա՛մ կը ճահճանաս արուեստի աշխարհին մէջ եւ նոյնիսկ կեանքի, ինչ որ զզուելի է ինծի համար, եւ կամ` վերանորոգ մօտեցում կ՛ունենաս: 26 սեպտեմբերէն 20 հոկտեմբեր իրականացնելիք ցուցահանդէսիս վերնագիրն է` «Nothing last, Nothing is finished, Nothing is perfect», գործերս ալ միշտ այդպէս են, բաներ կան, որոնք չեն վերջացած, այսինքն` շարունակութիւնը կայ,  բայց պիտի գիտնաս, երբ պիտի կենաս, արուեստագէտներուն համար ամէնէն կարեւոր եւ միեւնոյն ժամանակ ամէնէն դժուար բանն է ատիկա:

Իսկ ինչո՞ւ որդեգրած եմ ստեղծագործական այս ուղին, անհնար է բացատրելը բառերով, որովհետեւ ինքնաբուխ է, ներաշխարհիդ արտացոլանքն է` զգացումներդ, յոյզերդ, երազներդ, ամէն տեսակի վերիվայրումներդ, ինչպէս որեւէ տաղանդ:

«Ա.».- 26 սեպտեմբերէն 20 հոկտեմբեր պիտի կայանայ ձեր վերջին երեք տարիներու ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսը, Էշրեֆիէի «Կալէրի Շերիֆ Թէպէթ»» ցուցասրահին մէջ: Լիբանանի ապրած տարբեր վերիվայրումներուն պատճառով վերջին տարիներուն արուեստը եւս տուժեց: Այսօր նոր վերադարձ է, նոր գործերով, ի՞նչ նիւթ ու պատգամ կ՛արտացոլայ այս ցուցահանդէսին ներկայացուելիք ստեղծագործութիւններուն մէջ:

Գ.Ա.- Ինչպէս նշեցի նախապէս, ցուցահանդէսին պիտի ներկայացնեմ 31 հատ «Artist» անունով, ինչպէս նաեւ այլ գեղանկարներ, որոնք պատրաստած եմ այս վերջին երեք տարիներուն եւ ընդամէնը` 65 ստեղծագործութիւն է: Յայտնեմ, որ այս գեղանկարները բոլորը ունին իրենց խորքային խորագիրները, իսկ անոնք իւրայատուկ են անով, որ ո՛չ Լիբանանի մէջ այս գոյներով գծող կայ, ոչ ալ հայկական շրջանակին մէջ: Ան, որ կը հետեւի ստեղծագործութիւններուս, նոյնիսկ առանց ստորագրութիւնս տեսնելու կրնայ գիտնալ, որ այս մէկը ինծի կը պատկանի, Ակոբեան է: Միշտ կը փոխուիմ, կը յառաջանամ, սակայն գիծս կը մնայ նոյնը:

«Ա.».- Ձեր ստեղծագործական տարիներուն վստահաբար իրագործած էք բազմաթիւ ցուցահանդէսներ այլազան երկիրներու մէջ : Խօսեցէ՛ք անոնցմէ ամէնէն ուշագրաւին մասին: Ի՞նչ ազդեցութիւն ձգած է ձեր վրայ: Ի՞նչն է, որ կը զատորոշէ միւսներէն:

Գ.Ա.- Ցարդ ստեղծագործական տարիներուս 64 ցուցահանդէս իրագործած եմ Լիբանանի, Քանատայի պարագային` Թորոնթոյի, Մոնրէալի, Օթթաուայի, իսկ Միացեալ Նահանգներու պարագային` Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Իսկ ամէնէն ուշագրաւը, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է վրաս 2015-ին Լիբանանի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի կողմէ կազմակերպուած «Այբուբեն» խորագրով ցուցահանդէսն է, զոր միշտ պիտի յիշեմ եւ խրախուսուիմ անով, որովհետեւ գեղանկարներուս ցուցադրութեան կողքին կար բարձրորակ կազմակերպուածութիւն թէ՛ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդի եւ յարգարժան այլ հիւրերու ներկայութեամբ, եւ թէ գեղարուեստական հիանալի հարուստ յայտագիրով, շատ անմոռանալի եւ յատուկ է ինծի համար:

«Ա.».- Ծնունդով լիբանանցի էք: Վերջին տարիներուն Լիբանանը եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութը ծանր վիճակներ ապրեցան, իսկ այս օրերուն Արցախը եւ Հայաստանը կ՛ապրին ճակատագրական լուրջ պահեր եւ իրադարձութիւններ: Արդե՞օք ձեր ստեղծագործութիւնները կ՛առնչուին եւ կամ որեւէ ազդեցութիւն կ՛ունենան այդ կարգավիճակէն: Այսինքն` քաղաքականութիւնը եւ արուեստը կրնան միաձուլուիլ իրարու հետ:

Գ.Ա.- Կան բազմաթիւ արուեստագէտներ, որոնք քաղաքական ներշնչումով ու թեմայով կը ստեղծագործեն միայն, բայց ես այդպէս չեմ: Անշուշտ այդ քաղաքական իրադարձութիւնները ունին իրենց հետքերը արուեստիս մէջ, օրինակ վերջերս սեւ գոյնով արտայայտուած բաժիններս լաւագոյն ապացոյցն է այս օրերու քաղաքական պատկերին: Բայց ես միշտ լաւատես նկարագիրով անձ եմ, կը հաւատամ, որ քաղաքականութիւնը վերիվայրումներով լեցուն է, եւ անպայման վայրէջքները պիտի ունենան իրենց պայծառ վերելքները:

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԵ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմական Միջոցներ` Հայերէնի Շարունակական Գործածութիւն Եւ Հայկական Նկարագիր

Յաջորդը

Գարակէօզեան Հաստատութիւն Այցելեցին Եւրոպական Միութեան Ներդրումային Դրամատան (European Investment Bank) Ներկայացուցիչներ

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?