Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեանի նախաձեռնութեամբ, հայրենի կռփամարտիկները նախորդ շաբաթավերջին մասնակցեցան միջազգային տարբեր մրցաշարքերու եւ ուսումնամարզական հաւաքներու:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Մախաչքալայի մէջ յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն, ոսկիէ մետալին տիրացաւ 2021-ի աշխարհի փոխախոյեան, գերծանր կշիռի մրցումներուն մասնակցած Դաւիթ Չալոյեան:
Իսկ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին մասնակցած, Եւրոպայի փոխախոյեան Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան իր կարգին հանդիսացաւ առաջին:
Այս ոսկի մետալէն բացի Հայաստան տիրացաւ նաեւ երեք այլ ոսկի մետալներու եւ պրոնզ մետալի մը:
Նշենք, որ ներկայիս հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի 22 տարեկանէն վար հաւաքականը Անափայի մէջ միացեալ ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցի, իսկ անկէ ետք` միջազգային մրցաշարքի մը: