Արսէն Յարութիւնեան Պարտուեցաւ
Քառորդ Աւարտականին
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն մրցեցաւ ճափոնցի Ռէյ Հիկութիի դէմ, անկէ կրեց երկու կէտի տարբերութեամբ միայն` 16-14 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ Յարութիւնեան աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան է, մինչ Հիկութի` Ռիոյի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, աշխարհի եւ Ասիոյ ախոյեան:
Եթէ պատահի, որ ճափոնցին ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, հայրենի ըմբիշը իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու պրոնզ մետալին համար մղուող պայքարին եւ ապահովելու ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը:
2022-ի Եւրոպայի փոխախոյեան Արման Անդրէասեան 70 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանին ապահովեց առաջին մետալը, երբ 12-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հնդիկ մրցակիցը` Ապհիմանիու Ապհիմանիուն, տիրացաւ պրոնզ մետալին: