Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Լիթուանիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Յաղթական կազմին կոլը նշանակեց Կարպալիաուսքաս` 58-րդ վայրկեանին:
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Պետրոսեան:


