Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (30 Օգոստոս 2023)

August 30, 2023
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՅՆՃԱՐԻ «ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Նախագահութեամբ`
ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ` ՏԻԿԻՆ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ

95-Ամեակ

Պատգամախօս`
ԴՈԿՏ. ՇԱՂԻԿ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ-ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ

  • ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 2 սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

ՀՐԱՒԷՐ

—————————————

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` պատրաստելու հայ մշակութային ժառանգութեան պահապաններու նոր սերունդներ:

Այս առիթով կը յայտարարենք հետեւեալները.

Ա.- Ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2023-ին կը սկսին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու 2023-2024 տարեշրջանի արձանագրութիւնները Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին (Պուրճ Համուտ) եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին (Մըզհեր) մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-2:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-7:00, իսկ շաբաթ օրերը առաւօտեան ժամը 9:00-էն 2:00:

Բ.- Նկատի ունենալով սղաճը եւ տնտեսական դժուարութիւնները, նաեւ ուսուցիչներուն ու դասատուներուն արդարացի գնահատական փոխանցելու եւ դպրոցներուն որակը պահելու նախանձախնդրութիւնը, թոշակներուն վրայ համապատասխան յաւելումներ արձանագրուած են: Այս առնչութեամբ կը խնդրենք, որ մեր ծնողները հասկացողութեամբ գործակցութիւն ցուցաբերեն:

Գ.- Նիւթական պատճառով գեղարուստի դպրոցներէն աշակերտներ չզրկելու սկզբունքէն մեկնած, այս տարեշրջանին եւս պիտի շարունակուի «Սաներու ֆոնտ» ծրագիրը, որ հասութաբեր ձեռնարկներով եւ դրամահաւաքով նեցուկ պիտի կանգնի այն ծնողներուն, որոնք նիւթական դժուարութիւններ ունին: Կրթանպաստէն օգտուելու դիմումները կ՛ընդունուին արձանագրութիւններու ընթացքին: Կը հաւատանք, որ այս փուլին եւս մեր բարերարները պիտի շարունակեն թիկունք կանգնիլ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն:

Դ.- Նոր տարեշրջանին դպրոցներու վարչական տնօրէն կը մնայ Մարալ Հարպոյեանը, իսկ կրթական տնօրէն` Գէորգ Քէշիշեանը: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը վերապատրաստութեան ծրագիրներով եւ մասնագէտ դասատուներու հսկողութեամբ կը շարունակէ իր վերելքը, որուն մակարդակը օրըստօրէ կ՛ապացուցէ, որ լիբանանեան առումով ունի իր յատուկ տեղն ու կարեւորութիւնը: «Գայեանէ» պարի ու պալէի դպրոցին վերամիացան պարուսոյցներ Ժաքլին Սարխոշեան եւ Կարէն Մակինեան, որոնք անցեալին եօթը տարիներ ստանձնած էին դպրոցը: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատուն կը մնայ Թալին Մոսիկեանը, Արեգ թատերախումբի բեմադրիչ` Սիլվա Սողոմոնեանը, «Կարկաչ» երգչախումբի խմբավար` Շողիկ Թորոսեանը:

Ե.- Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2023-ին Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտն է, եւ կը յուսանք, որ հաւաքական ճիգերով կ՛ունենանք արդիւնաւէտ, խաղաղ եւ նոր նուաճումներով լի տարեշրջան մը: Բարի վերամուտ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կ՛ուզէ՞ք ձեր զաւակները յաճախեն

քոլեճ մը, որ

1.- Ունի մանկամսուրէն ԺԲ. դասարան (SE, GS, LS)
2.- Ունի STEM ծրագիրը բոլոր դասարաններուն համար:
3.- Օտարահպատակներուն համար ունի «Օտար ծրագիր»:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ դիմագրաւող աշակերտներու համար ունի յատուկ ծրագիր:
5.- Լիբանանեան պետական պաքալորէայի 100 առ հարիւր յաջողութիւն:
6.- Կը ջամբէ բարձրորակ կրթութիւն` նուազագոյն սակերով:
7.- Ապահոված է պասերու յարմար սակացոյց:
8.- Օժտուած է solar system-ով:
9.- Ունի ընդարձակ եւ կանաչապատ դաշտեր:

Ուրեմն, անյապաղ դիմեցէ՛ք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:

Արձանագրութիւնները` 1 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00:

ԾԱՆՕԹ.- 1.- Բողբոջ դասարանի կրթաթոշակը ձրի է 2023-2024 տարեշրջանին համար:
2.- Մանկամսուր կ՛ընդունուին 6 ամսականէն սկսեալ մանուկներ:

Տըպպայէ, հեռաձայն 01-542037

—————————————

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:

  • Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
  • Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
  • Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
  • Ուսման վարձքը` ձրի:
  • Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:

ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.

– 1 լուսանկար
–  Անձնաթուղթի պատճէն
–  Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

—————————————

Նախորդը

Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն` Արցախի Լիակատար Պաշարման Պայմաններուն Մէջ Ընելիքներու Շուրջ

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Սուգի Պարեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

January 31, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (30 Յունուար 2026)

January 30, 2026
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (29 Յունուար 2026)

January 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.