Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակուտականները ՄԱԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչը Կը Յորդորեն Արցախի Շրջափակման դադրեցումը Պահանջող Բանաձեւ Ներկայացնելու

Օգոստոս 16, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յանձնախումբի նախագահ Պապ Մենենտես եւ ծերակուտական Ալեքս Պատիլա նամակ յղած են ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտին` յորդորելով ներկայացնելու բանաձեւ, որ Ազրպէյճանին կոչ պիտի ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի 8-ամսեայ շրջափակումը եւ պիտի արտօնէ անսահմանափակ ծաւալով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն: Այս մասին կը գրէ «Ամերիկայի ձայն»-ը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի հաղորդագրութեան:

Ծերակուտականներու համոզումով, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը սպառնայ սովի միջոցով ազգային զտումներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի նկատմամբ` նաեւ զրկելով վառելանիւթէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներէն: Ծերակուտականները ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ գործելու` կառոյցի կանոնադրութեան եւ լիազօրութեան համաձայն:

«Ազրպէյճանը ութ ամիս աստիճանաբար խստացուցած է շրջափակումը, որու նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի հայերը զրկել առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն, ներառեալ սնունդէն եւ դեղորայքէն: Յունիս 15-ին Ազրպէյճանը փաստացի (ամբողջովին) արգիլեց մարդասիրական օգնութեան մատակարումը, ինչը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ այնտեղ` ապրող տասնեակ հազարաւոր մարդոց, ներառեալ երեխաներու, ծերերու, հիւանդութիւն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար», ընդգծած են ծերակուտականները:

«Կը խնդրենք, աշխատանք տանիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամներու հետ` Ազրպէյճանի կառավարութեան նկատմամբ ճնշում բանեցնելու` վերացնելու շրջափակումը եւ կանխարգիլելու զայն, ինչը, ըստ ապացոյցներու, կը վկայէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ (կիրարկուող) ցեղային զտման համակարգուած ջանքերու մասին», եզրափակած են ծերակուտականները:

Նախորդը

Ազրպէյճանական Կողմի Նախաձեռնութեամբ Լաւրով-Պայրամով Հեռաձայնային Զրոյց

Յաջորդը

Առողջապահական. Տաք Եղանակին Առողջական Խնդիրներէ Խուսափելու Համար…

RelatedPosts

«Հայաքուէ»-ի Նախագիծը Չընդգրկուեցաւ  Ազգային Ժողովի Լիագումար Նիստի  Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաքուէ»-ի Նախագիծը Չընդգրկուեցաւ Ազգային Ժողովի Լիագումար Նիստի Օրակարգին Վրայ

Դեկտեմբեր 6, 2023
Լաւրով. «Շրջանային «3+3» Հարթակը Արդէն  Կը Ձեւաւորուի Եւ Հետզհետէ  Աւելի Խոստմնալից Կը Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Շրջանային «3+3» Հարթակը Արդէն Կը Ձեւաւորուի Եւ Հետզհետէ Աւելի Խոստմնալից Կը Դառնայ»

Դեկտեմբեր 6, 2023
«Հայաստանի Հետ Սահմանը Իրանի Համար Ամէնէն  Կարճն Ու Որակական Առումով Լաւագոյնն Է»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Հայաստանի Հետ Սահմանը Իրանի Համար Ամէնէն Կարճն Ու Որակական Առումով Լաւագոյնն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Դեկտեմբեր 6, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In