ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 օգոստոս 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած վիճակահանութեան շահող թիւերն են`
0052-0294-0607-1271-1479:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սուրէն Սարգիսեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Սօսի Փօլատեաններ կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– «Ազդակ» օրաթերթին 100 $
– ԼՕԽ¬ի Շրջանային վարչութեան 100 $
Նոյն առիթով
տէր եւ տիկին Փիթր եւ Թամար Շամլեաններ.
«Ազդակ» օրաթերթին 100 $
—————————————
Մասնակցէ՛ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար»
Ուսումնասիրութիւններու Մրցանքին
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը նախաձեռնած է «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» խորագիրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք-ծրագիրին` նպատակ ունենալով համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ, մանաւանդ նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը եւ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը ծառայեցնելու Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին:
Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը` քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքննական լրագրութեան բնագաւառներուն մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու` արդիւնաւէտ օգտագործման համար:
Մրցանքին մասնակցելու հրաւիրուած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի 20-35 տարեկան ուսանողները:
Դիմումնագիրները եւ անոնց կից նպատակային բացատրագիրները պէտք է լրացնել մինչեւ 15 օգոստոս` այցելելով հետեւեալ կայքը` studentsforartsakh.am:
Ուսումնասիրութիւններու յանձնման վերջնաժամկէտն է 1 հոկտեմբեր 2023-ը:
Ուսանողներուն ընտրած նիւթերուն համար կայ հանրայայտ խորհրդատուներու ցանկ մը: Յաղթող ուսանողները պիտի ստանան կրթաթոշակներ:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստի հաստատութիւն մը, Ժէլ Էլ Տիպի շրջան, կարիքը ունի համակարգիչի վրայ աշխատող գանձիչի մը: Հեռ. 03-164767:
—————————————
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ
ԵՌԱՄԱՍ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Գ.
ԹԵՒԱԲԵԿ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐՈՒ
ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ
2023
Ստանալու համար դիմել`
- Կաթողիկոսարանի գրատուն
- Համազգայինի գրախանութ
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻՆ
2 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ԻՆ