Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Վարժարաններ Վերադարձի Պահն Է

Յունիս 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմաններուն ենթարկուած կրթական համակարգը անցնող տարի ալ կէս կատար, ոչ յստակ, կէս տոլար, կէս լիբանանեանով ընթացաւ, եւ կրթական տարեշրջանը այդ վիճակին մէջ իր աւարտին հասաւ:

2023-2024 կրթական տարեշրջանին համար, ինչպէս` երկրի գրեթէ բոլոր մարզերը, կրթական հաստատութիւններն ալ ստիպուած են որդեգրել տոլարով գիներ:

Բնականաբար այս մէկը ծանր պայմաններու պիտի ենթարկէ ծնողները, ինչպէս նաեւ դժուարութիւններուն վրայ պիտի աւելնայ այս մտահոգութիւնը:

Ինչպէս ծանօթ ենք, որ ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը տարուէ տարի աւելցած է:

Ինչպէս գիտենք նաեւ, որ կարգ մը, այսպէս կոչուած, «շատ լաւ» դպրոցներ աւելի անուն են, քան` որակ ու մակարդակ:

Տնտեսական պայմաններուն ստեղծած այս մթնոլորտէն պէտք է լաւապէս օգտուին մեր հայկական վարժարանները:

Օտար վարժարաններու կրթաթոշակները շատ պիտի բարձրանան: Պէտք է տուն-տուն, շրջան-շրջան, քահանայ, վարդապետ, մայրապետ, ակումբի պատասխանատու, միութենական թէ եկեղեցական անձ քարոզչական եւ օտար վարժարաններէն հայկական վարժարաններ ուղղելու աշխատանք տանին: Հիմնականին մէջ նիւթական հիմնաւորումը շեշտելով, բացատրելով հայ դպրոցին կարեւորութիւնը, հաստատելով մեր դպրոցներու յաջողութիւնը, մթնոլորտը, ազգային դաստիարակութիւնը եւ մանաւանդ ընդգծելով Լիբանանի մէջ համայնքային իբրեւ կառոյցներ անոնց գոյատեւման, բարգաւաճման եւ զարգացման կարեւորութիւնը:

Տնտեսական պատճառներով կրթաթոշակներու այս որոշումը կրնայ խուճապ եւ իրարանցում ստեղծել:

Բոլորս միասին պէտք է գործենք, հայկական վարժարանները փոխանակ իրարմէ աշակերտ որսալու` պէտք է կազմակերպենք օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտները հայկական վարժարաններ ուղղելու աշխատանքը:

Պէտք է յստակ ըլլայ թիրախը, պէտք է գիտնանք առիթէն օգտուիլ: Նման առիթներ միշտ չեն ստեղծուիր: Օտար վարժարաններու կրթաթոշակներու սակերու որոշումն ու գործադրութիւնը բնականաբար մեծ թիւով ծնողներու քով շփոթ մը պիտի ստեղծէ, եւ մենք պարտինք աշխատիլ մեր վարժարաններուն կրթական, բարոյական, ազգային, կրօնական եւ մարդկային կողմերը ցոյց տալ եւ ուղղել:

Վերջապէս, հայկական վարժարանները իրարու մրցակից չեն: Նոյն առաքելութեան հաւատացող եւ գործող հաստատութիւններ են: Պէտք է աշխատիլ օտար վարժարաններէն հայկական վարժարաններ ուղղելու սկզբունքին վրայ:

Եւ միայն այդ կրնայ լաւապէս նպատակին ծառայել:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Արժեւորել Արժէքը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?