Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արժեւորել Արժէքը

Յունիս 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Վերջերս, տարօրինակ եւ անակնկալ սթափումով մը, ամէն առաւօտ, լուացուելու ընթացքին, սկսած եմ մտածել ծորակէն հոսող ջուր ունենալու «հարստութեան»-ս եւ այս մէկը երկա՜ր տարիներ for granted առած ըլլալուս մասին: Ի դէպ, for granted եզրին հայերէն թարգմանութիւնը գտնելու փնտռտուք-պայքարս տակաւին չէ աւարտած, եւ եթէ այս առիթով մէկը կարենայ օգտակար դառնալ ինծի, անչափ շնորհակալ կ՛ըլլամ:

Այսպէս, ծորակէն հոսող ջուրի բնական թուիլն ու անոր հետ իմ մեքենայական եւ ոչ գիտակցական շնորհակալ վերաբերումս` for granted առնելս, զիս մղեց մտածելու այն բոլոր «ծորակ»-ներուն մասին, որոնք մեզի` անհատապէս թէ հաւաքաբար, կեանք կու տան, եւ որոնց գոյութիւնն ու շարունակական ներդրումը for granted առած ենք երկար տարիներ, թերեւս` անգիտակից եւ ոչ միտումնաւոր ապերախտութեամբ մը: Եթէ հեռաւոր Ափրիկէի մէջ, թշուառ իրավիճակով մը, ծորակէ հոսող մաքուր ջուրը գրեթէ անգտանելի է, ապա մեր հաւաքական կեանքը ոռոգող ջուրի աղբիւրները անփոխարինելի են, կենարար եւ գոյութեան երաշխիք:

Այսպէս, շատ յաճախ for granted կ՛առնենք`

Որ ամէն կիրակի մեր եկեղեցիներուն մէջ մեր անձերուն ու նաեւ ազգին համար աղօթք կը բարձրացուի առ Աստուած,

Որ մեր զաւակներուն ուսման, կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար լիբանանահայ վարժարանը ամէ՛ն օր ծրագիր կը մշակէ, ճիգ կը թափէ, պայքար կը մղէ,

Որ մեր մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար մեր ակումբներն ու միութիւնները անշահախնդիր եւ հաւատաւոր գործ կը տանին` ինքնութեան առողջ կազմաւորման ազնիւ նպատակին ի խնդիր,

Որ մեր տարեցներուն եւ զանազան կարիքներու տէր հայորդիներուն համար գաղութի բոլոր համայնքներու ընկերա-բժշկական եւ խնամատար կեդրոնները իրենց դռներն ու քսակները լայն կը բանան. որ իրերօգնութեան սնտուկները, կուսակցական կեդրոններու եւ երեսփոխանական ծառայութիւնները, կը հասնին բոլորի՛ն,

Որ հայ մամուլը երբե՛ք չի հրաժարիր մեր մայրենիով եւ անկէ բխող մտածողութեամբ մեր իրազեկութիւնը խթանել,

Որ մեր սկաուտական, հայրենակցական, մշակութային եւ ազգային տարբեր ոլորտներու պատկանող միութիւնները օրն ի բուն կը պահեն ու կը պահպանեն մեզ եւ այն ամէն ինչը, որ մերն է:

Վերոնշեալ բոլոր բարիքները անվիճելիօրէն շահուած իրաւունք նկատելը մե՛ր յանցանքն է: Իրաւունք կը կարծենք այն, ինչ որ երբեմն կեանքի գնով կը պահուի ու կը բաշխուի. չենք մտածեր անոր արժէքին մասին եւ զայն կը նկատենք ի վերուստ մեզի շնորհուած բարիք, որուն հանդէպ նոյնիսկ անտարբեր ու անփոյթ կը դառնանք:

Իսկ երբեմն for granted առնելու ընթացքը երկկողմանի կը դառնայ: Կը պատահի, որ վերոնշեալ կառոյցները for granted առնեն հետզհետէ նօսրացող, բայց տակաւին կանգուն մնացած հայու ա՛յն տեսակը, որ հակառակ բոլոր հարցերուն ու դժուարութիւններուն, ոչ բծախնդիր կամ վիրաւորական մօտեցումներուն կը շարունակէ կառչած մնալ իր ինքնութեան խարիսխներուն` ի հեճուկս բոլոր խոչընդոտներուն, տեղքայլին կամ նոյնիսկ նահանջին. հայու ա՛յն տեսակը, որուն գիտակցութիւնն ու անխախտ հաւատքը երբեմն կ՛անտեսուին, ըստ արժանւոյն չեն գնահատուիր, որուն երբեմն կը զլացուին քաջալերանքն ու պատասխանատու ընթացքի արդար ճանաչումը:

Առաւօտեան կրկնուող սթափումիս նման, եկէք` բոլորս մէյ մը արթննանք եւ տեսնենք, թէ որքա՜ն բարիք, գիտակից կեցուածք եւ անանձնական մօտեցում for granted առնուած է մեր առօրեային մէջ: Մեր ներծծելիք հաւաքական թթուածինի ապահովումը եւ մեր բոլոր կառոյցներու առողջ շնչառութիւնը երկողմանի զարթօնքի կը կարօտի: Զարթօնք մը, որ փոխադարձաբար պիտի ապահովէ անհատականին եւ հաւաքականին առողջութեան վերաքննութիւնն ու դարմանումը:

Յունիս է: Շատ մը մարզերու մէջ` տարեփակ եւ արձակուրդի սկիզբ: Մինչեւ վերամուտ մեր կեանքը հունաւորող բոլոր ոլորտներէն ներս առիթ ստեղծենք վերակազմակերպ աշխատանքի, մասնագիտական մօտեցումով` երախտաշատ գործունէութեան վերընձիւղման, ծրագրաւորումի, քննարկումի ու վերլուծումի մեկնարկի, որուն յաջորդէ գո՛րծը, որ տեսլականները կը դարձնէ իրականութիւն եւ կ՛ապահովէ մեր ընթացքի կուռ եւ անսասան քայլերը: Բոլորս անխտիր անդրադառնանք իւրաքանչիւրի՛ն եւ բոլորի՛ն արժէքին, եւ, կամայ թէ ակամայ, մեղսակից կամ պատճառ չդառնանք մեզի կեանք տուող «ծորակ»-ներուն չորացման ու ցամքումին: Եւ այս մէկը, իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է միանգամայն:

 

 

Նախորդը

Հայկական Վարժարաններ Վերադարձի Պահն Է

Յաջորդը

Ս. Ներսէս Շնորհալիի Վախճանման 850-Ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?