Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի Կաթողիկոսին Հրաժարումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն ետք Արեւելեան Հայաստանի կառավարման մէջ զգալի փոփոխութիւններ կատարուեցան: Ցարական կառավարութիւնը կը ձգտէր միօրինակ կարգեր հաստատել կայսրութեան ամբողջ տարածքին: Նախկին խանական ապօրինութիւնները ջնջուեցան եւ նոր օրէնքներ հաստատուեցան:

Հայկական մարզի պետ զօրավար իշխան Վասիլի Բեհբութով աշխատեցաւ մարզին մէջ ցարական օրէնքներու հաստատման եւ կիրառման ուղղութեամբ:
Սակայն ցարական օրէնքներու հաստատման եւ կիրառման հարցը դրուած էր ամբողջ Անդրկովկասի չափանիշով, որովհետեւ տակաւին ընդհանուր քաղաքական ուղեգիծ չէր մշակուած, եւ այս ուղղութեամբ կառավարական շրջանակներու մէջ լուրջ տարակարծութիւններ կային: Պասկեւիչ եւ իր կողմնակիցները այն տեսակէտը կ՛արծարծէին, որ իսկոյն Անդրկովկասի մէջ պէտք է ռուսական վարչակազմ ստեղծել եւ արմատախիլ ընել տեղացի ժողովուրդներու վարչական եւ օրէնսդրական նախկին կառոյցը: Սակայն պետական կարգ մը դէմքեր դէմ կ՛արտայայտուէին փութով արմատական փոփոխութիւններ կատարելու տեսակէտին, այն համոզումով որ տեղացի ժողովուրդներու վարչական եւ օրէնսդրական կեանքին մէջ փոփոխութիւնները աստիճանաբար պէտք է ներմուծել:
Տարակարծութիւններու պատճառով Անդրկովկասի մէջ կատարուելիք փոփոխութիւններու հարցը յետաձգուեցաւ:
Պասկեւիչի յանձնարարութեամբ Բեհբութով Հայկական մարզին մէջ շարք մը վերակառուցումներու ձեռնարկեց: Վրաստանի քաղաքացիական նահանգապետ Փալաւանդովի հետ Բեհբութով Հայկական մարզի կառավարման բնագաւառին մէջ էական փոփոխութիւններ կատարեց` վարչութեան ռուսացման ուղղութեամբ:
* * *
Ռուսական պետական ներկայացուցիչներ Քութայիսով եւ Մեչնիկով պարտականութիւն ստացան Ղարաբաղի գաւառի վերաբերեալ տեղեկագիր պատրաստել:
«Ղարաբաղի գաւառի անկարգութիւններու եւ չարաշահումներու մասին» զեկուցումը ներկայացուեցաւ կառավարական քննարկման:
Քութայիսով եւ Մեչնիկով իրենց տեղեկագիրին մէջ կը քննադատէին զինուորական կառավարման դրութիւնը եւ պարէտի ու գաւառական դատարանի գործունէութիւնը:
Տեղեկագիրին հիմամբ յստակ դարձած Անդրկովկասի անկազմակերպ կառավարման իրողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ 24 ապրիլ 1830¬ին Պասկեւիչ կայսրին ներկայացնէ շրջանին մէջ քաղաքացիական, ելեւմտական եւ կառավարման կարգ եւ օրէնսդրութիւն մտցնելու մասին զեկոյց, պատճառաբանելով որ ժամանակաւոր կառավարումը կրնայ անվստահութիւն յառաջացնել ժողովուրդին մէջ:
Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի գաւառներուն համար Պասկեւիչ բնութագրական կը համարէր կառավարման զինուորական պարէտային ձեւը: Ան կ՛առաջարկէր տարածաշրջանը կիսել երկու նահանգներու եւ Հայկական մարզի: Առաջինը Վրացական նահանգն էր, իսկ երկրորդը, որ պայմանականօրէն Տաղստան պէտք է կոչուէր` կազմուելու էր Ելիզաւետպոլի, Շամշադինի, Ղարաբաղի, Թալիշի, Շաքիի, Շիրվանի, Պաքուի, Ղուբայի եւ Դերբենդի գաւառներէն: Նախագիծով վերջ կը դրուէր ազգային հիմքերու վրայ վարչատարածքային բաժանումներուն: Հայ ազգային գործիչներուն կ՛առաջարկուէր բաւարարուիլ միայն Հայկական մարզով:
Նախագիծին միակ դրական կողմը այն էր, որ բոլոր քաղաքացիներուն համար ռուսական միատեսակ հպատակութիւն կը սահմանուէր:
Նախագիծը քննարկուեցաւ, բայց մնաց թուղթի վրայ:
* * *

Զօրավար Իվան Պասկեւիչ Անդրկովկասի կառավարման մասին իր ներկայացուցած զեկուցումէն ետք Ղարաբաղ ուղարկեց իր մերձաւորներէն Զուբարիովը, յանձնարարելով անոր քննել այդ երկրամասին մէջ հաստատուած կարգերը:
Զուբարիով տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարելէ ետք զեկուցում պատրաստեց, ուր մանրամասնօրէն կը նկարագրէր այդ ընդարձակ երկրամասին դրութիւնը:
Ղարաբաղի, Շաքիի եւ Շիրվանի նախկին խանութիւններէն կազմուած ընդհանուր զինուորական շրջանային վարչութեան պետ իշխան Աբխազովի շահամոլութիւնը հասած էր առասպելական չափերու:
Ընդհանուր զինուորական շրջանային վարչութենէն բացի, իւրաքանչիւր գաւառական կեդրոնի մէջ կը նստէր զինուորական հրամանատարը` կոմենդանտ, որուն ենթակայ էր ոչ միայն տեղական զօրքերու վարչութիւնը, այլեւ ամբողջ քաղաքային վարչութիւնը: Այդ սպաները, խաներուն տեղը բռնելով, իւրացուցած էին խանական կառավարութեան բոլոր իրաւունքները եւ այսպիսով կը կատարէին ոչ միայն վարչական, այլեւ դատաստանական եւ նոյնիսկ օրէնսդրական գործառնութիւններ:
Արքունական հողերը իշխան Աբխազովի եւ Ղարաբաղի կոմենդանտին եւ անոնց մերձաւորներուն միջեւ բաժնուած էին: Մահալներուն մէջ տուրքերը կը հաւաքուէին ոչ թէ ըստ շրջաններու հարստութեան, այլ այն հիմամբ, թէ խնամիական ինչ կապեր կան զինուորական իշխանութեան եւ մահալներու բէկերուն միջեւ: Պետական գումարները կը ծախսուէին առանց թոյլտուութեան եւ կը բաժնուէին առանց ստացագիրներու: Քաղաքային դատարան կար միայն Շուշիի մէջ, բայց անուանական կերպով, որովհետեւ բոլոր վճիռները ինքնակամ կը գրէր իշխան Աբխազովի մերձաւոր Միրզա Ադիգէոզալով, իսկ դատարանի տեղացի անդամները, որոնք ռուսերէն չէին գիտեր, միայն կը ստորագրէին պատրաստուած վճիռները:
Ղարաբաղի մէջ աւազակութիւնն ու թալանը գոյութիւն ունին մեծագոյն չափերով: Տեղացի բէկերը եւ մահալներու կառավարիչ նայիբները իրենց մօտ տասնեակներով ոճագործներ կը պահեն, իսկ Միրզա Ադիգէոզալով առանձին 350 ընտանիք հաշուող ոճրագործներու եւ աւազակներու խմբակցութիւն մը ունի:
Զուբարիով իր զեկուցումին մէջ կը գրէր. «Մեհտի Ղուլի խանի Պարսկաստան անցնելէն ետք… բէկերը, օգտուելով ռուսական կառավարութեան անգիտութենէն, ցուցակագրութեան ժամանակ սեփականութիւն ցոյց տուած են իրենց երբեք չպատկանած գիւղերը, իսկ Ղարաբաղը ցուցակագրող այդ պաշտօնեաները, չքննելով անոնց ապացոյցները, այդ գիւղերը անոնց անունով գրած են: Եւ այդ անհիմն ցուցակագրումը բէկերուն իրաւունք տուած է անշարժ կալուածներ ունենալու:
«Այս ցուցակագրումէն ետք Ղարաբաղի զինուորական շրջանային իշխանութիւնը եւ կոմենդանտները, իրենք զիրենք լիազօր տիրապետողներ նկատելով, բաժնուած էին գանձարանի բաժին մնացեալ գիւղերը ոչ միայն իրենց բէկ սիրելիներուն, այլեւ նոյնիսկ թարգմաններուն, վաճառականներուն ու մնացեալ ռամիկներուն, որոնք միջոցներ կը գտնէին շահելու անոնց բարեացակամութիւնը: Արքունի գիւղերու առանց բարձրագոյն իշխանութեան գիտութեան բաժանումը կը կատարուի մինչեւ այժմ: Այդ չարիքը այնպէս զօրացած է, որ այժմ Ղարաբաղի մէջ շատ քիչ թիւով արքունի գիւղեր մնացած են»:
Զուբարիով առանձնաբար կը շեշտէր հայ գիւղացիութեան թշուառ վիճակը: Ան կ՛ըսէր, որ թուրք բէկերը գազանաբար կը վարուին հայերուն հետ, անգթօրէն կը ծեծեն զանոնք, կը խլեն ամէն գոյք եւ ծանր տուրքեր կը հաւաքեն:
Ծանր դրութեան մատնուած էին յատկապէս Պարսկաստանէն տեղափոխուած հայերը: Անոնց չէին թոյլատրեր իրենց անասուններով հովասուն լեռները բարձրանալ, ստիպելով ամառը մնալ Ղարաբաղի տափաստանները, ուր անոնք անխնայ կը մահանային: Երեք ամսուան ընթացքին ջերմախտը գաղթականներէն խլած էր 1012 զոհ: Թուրքեր կը թալանէին անոնց ունեցուածքը եւ ոտնակախ կ՛ընէին անոնց ցանքերը: Գանգատներն ու բողոքները կը մնային անհետեւանք: Տեղական վարչութիւնը խէթ աչքով կը նայէր հայերուն, կը հալածէր զանոնք եւ նեղութիւններ կը պատճառէր:
Ռուսական տեղական իշխանութիւնը աւելի կը վստահէր տակաւին մէկ-երկու տարի առաջ իրեն դաւաճանած բէկերուն: Ամէն ծանրութիւն դրուած էր հայ ժողովուրդին վրայ, առանց նոյնիսկ շնորհ ընելու որ ան այդ ծանրութիւնը տանի թուրք ժողովուրդին հետ հաւասար չափով: Շուշիի մէջ ռուսական զօրքերը հայ ընտանիքներու մօտ տեղաւորուած էին եւ այս ծանր պարտաւորութենէն ազատ մնացած էին նոյն քաղաքին մէջ ապրող թուրքերը:
* * *

Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի կաթողիկոս, որ Թիֆլիս կը մնար, Պասկեւիչի հրաւէրով 1828 յունիսին Սուրբ Էջմիածին վերադարձած էր:
Սակայն կաթողիկոսը տկարացած ու դժուարութիւններէն ընկճուած էր եւ շատ ժամանակ անկողնի կը ծառայէր:
Պասկեւիչ Էջմիածնի մասին կատարուելիք կարգադրութիւններուն վերաբերեալ նախարար Բլուտովի գրութիւն ներկայացուց, ուր կ՛առաջարկէր սինոտի իրաւունքները հաստատել եւ որոշել, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ վարչութեան համար ընդհանուր եւ գրաւոր սահմանադրութիւն կազմել:
Պասկեւիչ կը բացատրէր ըսելով, որ կաթողիկոսը բոլոր հայերուն պետն է, եւ հայ ազգը զայն կը ճանչնայ աշխարհական գործերու մէջ ալ: Ուստի եթէ ընդունակ եւ ձեռներէց անձ մը կաթողիկոս դառնայ, կրնայ Տաճկստանի եւ Պարսկաստանի հայերու ազդեցութեամբ զօրանալ եւ դիմադրել ռուսական քաղաքական իշխանութեան բարի կամեցողութեան:
Կառավարութիւնը կատարելապէս համաձայն գտնուեցաւ Պասկեւիչի տեսակէտին: Հայ եկեղեցւոյ սեփական կանոնները ուսումնասիրելու համար յանձնաժողով կազմուեցաւ:
Եփրեմ կաթողիկոս, առողջական պատճառներով անկարելի նկատելով իր հետագայ կաթողիկոսական գործունէութիւնը, 8 հոկտեմբեր 1830¬ին հրաժարական գրեց:
Հրաժարականին մէջ ան կը նկարագրէր իր առողջական վիճակը ու «տուայտեալ լի ցաւովք, խլացեալ ականջօք եւ վատեալ ի տեսողականութենէ»:
Սինոտը չէր կրնար վերջնական որոշումի յանգիլ առանց պետութեան հաւանութեան, եւ Եփրեմ կաթողիկոս իր մօտ հրաւիրեց զօրավար Բեհբութովը:
Սինոտ եւ Բեհբութով համաձայն գտնուեցան հրաժարականին:
Հոկտեմբեր 15¬ին սինոտը կաթողիկոսին յայտնեց որ ցաւով կը լսէ անոր վերջնական հրաժարագիրը եւ խնդրեց որ կնիքը քովը պահէ, մինչեւ որ նոր օծեալը նստի:
Յաջորդ օր սինոտի նոր կազմ ընտրուեցաւ բաղկացած Մարտիրոս, Յովհաննէս Կարբեցի, Սահակ, Փիլիպոս, Գրիգոր, Ստեփանոս, միւս Ստեփանոս եպիսկոպոսներէ եւ Յովսէփ, Ղուկաս ու Յովհաննէս վարդապետներէ: Մարտիրոս եպիսկոպոս տեղապահ ընտրուեցաւ:
Պասկեւիչ նոյեմբեր 9¬ին կաթողիկոսի հրաժարականը եւ տեղեկագիրները նախարար Բլուտովի յղեց:
Պասկեւիչ կառավարութեան կը յայտնէր, որ պէտք չէ աշխարհականներուն առիթ տալ որ ընտրութեան մէջ դեր ունենան եւ նախընտրելի է Յովհաննէս եպիկոպոս Կարբեցին կաթողիկոսացնել: Պէտք էր այնպէս գործել, որ օտար երկիրներու մէջ ապրող հայեր ընտրեալը չճանչնալու փաստ չունենան:
Ռուսական կառավարութեան համար Յովհաննէս եպիսկոպոս Կարբեցի Ռուսաստանի նուիրուած հոգեւորական է: Սկիզբէն անոր հրահանգ պէտք է տրուէր, որ միշտ իր նախորդին` Եփրեմի խորհուրդներուն եւ խրատներուն հետեւի:
Կառավարութիւնը կը յանձնարարէր որ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման համար ինչ փառաւորութիւն կամ շքեղութիւն որ աւանդութեամբ կը պահանջուի, առատապէս շռայլուի պետութեան կողմէ: