Հովուապետական այցելութեամբ Քուէյթ գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը 9 մայիս 2023-ի երեկոյեան նախագահեց միջեկեղեցական շնորհակալական աղօթքի, որ տեղի ունեցաւ Քուէյթի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ:
Անիկա կազմակերպուած էր Քուէյթի եկեղեցիներու առաջնորդներուն կողմէ, ներկայ էին հայ եւ եօթը այլ քրիստոնեայ համայնքներու` յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ղըպտի ուղղափառ, ղըպտի կաթողիկէ, աւետարանական, լատին եւ մարոնի առաջնորդներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Այս առիթով, յանուն Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքին, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Քուէյթի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ մեթրոպոլիտ Ղաթթաս Հազիմ եւ ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը Քուէյթ:
Իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես քրիստոնեայ համայնքներու վայելած լայն ազատութեան Քուէյթի մէջ, ուր կրօնական համակեցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ մը պարզուած է` շնորհիւ երկրի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին: Ան նաեւ շեշտեց, որ քրիստոնէական համայնքները Քրիստոսով մէ՛կ եկեղեցի են, եւ անսալով Քրիստոսի պատուէրին` պէտք է աղօթքով, խորհրդակցութեամբ ու գործակցութեամբ արտայայտեն եկեղեցւոյ ամբողջական միութիւնը:
– Չորեքշաբթի, 10 մայիսի առաւօտուն Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Քուէյթի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մոհամետ Իրանի եւ իր քաղաքական հարցերու խորհրդատուն: Հանդիպման ներկայ էր Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան:
Նկատի ունենալով, որ դեսպան Մոհամետ նախապէս Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանը եղած է, խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին շուրջ: Այս ծիրին մէջ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ: Դեսպանը գնահատելով Լիբանանի հայութեան դրական դերակատարութիւնը` շեշտեց կողմերու միջեւ մօտեցման դրական դեր կատարելու կարեւորութիւնը:
Նոյն օրը Արամ Ա. կաթողիկոս եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցան Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի կողմէ: Այս առիթով դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան` բարձրաստիճան հիւրեր, Քուէյթի մէջ լիբանանեան եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր պետեր եւ դեսպաններ:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծը` որպէս կրօններու եւ մշակոյթներու համերաշխ համակեցութեան երկիր, եւ այս ծիրէն ներս բարձր գնահատեց նաեւ Քուէյթի ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը, որոնց շնորհիւ կրօններու համակեցութեան գեղեցիկ օրինակ մը դարձած է Քուէյթը եւս, ուր հայերը նոյնպէս կը վայելեն լայն ազատութիւն:
Ան գնահատանքով անդրադարձաւ Լիբանանի ծաղկման ու զարգացման ծրագիրներուն մէջ Քուէյթին ունեցած ներդրումին: Յիշելով հայ համայնքին Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը ըլլալը` կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Լիբանանի հայութիւնը եղած է, կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ իր գործօն մասնակցութիւնը բերող համայնք` Լիբանանի առաւել բարգաւաճման բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մէջ, նաեւ` այս օրերուն Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան մէջ:
Երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ քուէյթահայ գաղութի ազգային եւ միութենական մարմիններու անդամներուն հետ եւ սփիւռքի վերակազմակերպման տարուան աշխատանքներու ծիրին մէջ անոնց փոխանցեց իր հայրապետական թելադրանքներն ու պատկերացումները, ինչպէս նաեւ լսեց անոնց յառաջիկայ ծրագիրները, առաջարկներն ու մտահոգութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին ազգային մարմիններու եւ միութենական կազմակերպութիւններու անդամները խօսք առնելով` կիսեցին Արամ Ա.ի մտահոգութիւնները եւ, իրենց կարգին, արտայայտուեցան գաղութին դիմագրաւած տագնապներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը պատասխանելով ներկաներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն, իր խօսքը կեդրոնացուց մեր կառոյցները վերանորոգման ենթարկելու հրամայականին վրայ` միշտ հարցերը դիտելով ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, եւ շեշտեց քուէյթահայ երիտասարդութիւնը հայ համայնքի կեանքին մէջ ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը:
– 11 մայիս 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Սարմէն Բաղդասարեանի կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին զրոյց տեղի ունեցաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն, եւ անդրադարձ կատարուեցաւ այս ծիրին մէջ քուէյթահայութեան դերին:
Նոյն օրը կաթողիկոսը այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ` հայրապետին բարի գալուստ մաղթող պաստառներով, երգերով ու արտասանութիւններով:
Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրուած այս տարուան ակնարկելով` Քուէյթի Ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը հակիրճ կերպով ներկայացուց սփիւռքի մէջ հայկական ազգային վարժարանի մը ամէնօրեայ աշխատանքը, մաքառումը, երբեմն նոյնիսկ` հոսանքին հակառակ ընթանալու վճռակամութիւնը: Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց Ծոցի երկիրներուն մէջ գործող միակ ազգային ամէնօրեայ վարժարանին` Քուէյթի Ազգային վարժարանին մէջ տարուող հսկայական աշխատանքը, խրախուսեց ուսուցիչներն ու աշակերտները, որպէսզի նոյն թափով շարունակեն իրենց ազնիւ ու նուիրական առաքելութիւնը:
Ապա, հայրապետը այցելեց վարժարանի «Արեգակ» մանկապարտէզը, ուր փոքրիկները հայրապետական մաղթանքի կատարումով, ազգային երգերով ու արտասանութիւններով դիմաւորեցին կաթողիկոսը, որ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն եւ բարձր գնահատեց տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին կողմէ կատարուող նուիրական աշխատանքը:
Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ եւ լսեց անոնց միտքերն ու մտահոգութիւններն ու իր հայրական թելադրանքները կատարեց անոնց:
– Ուրբաթ, 12 մայիս 2023-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Սարգիս վրդ. Աբրահամեանին կողմէ:
Իր հայրապետական պատգամին մէջ քուէյթահայութեան կեանքին անդրադառնալով` կաթողիկոսը շեշտեց, որ գաղութին մէջ դրական ու գօտեպնդիչ երեւոյթները նկատելի են, ապա բարձր գնահատեց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի աշխատանքն ու ժողովուրդին կողքին ըլլալու կարողութիւնը: Իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն` Արամ Ա. կաթողիկոսական փոխանորդին եպիսկոպոսական խոյր կրելու իրաւունք շնորհեց ս. պատարագի ընթացքին: Այս առիթով հայրապետը նաեւ գնահատեց գաղութի հոգեւոր հովիւ Արտակ Ա. քհն. Քէհեայեանի երկարամեայ ծառայութիւնը քուէյթահայ գաղութի կեանքին մէջ, որ շարունակութիւնն է թեմի առաջին հոգեւոր հովիւ լուսահոգի Պարոյր Ա. քհն. Սարգիսեանի նուիրեալ ծառայութեան:
Ապա հայրապետը համապարփակ կերպով բացատրեց Քրիստոսի «Ես եմ ճամբան» (Յհ 14.6) խօսքը` ընդգծելով ճամբայ հասկացողութեան երկու հիմնական գաղափարները եւ յայտնեց, որ ճամբան մարդկային կեանքին մէջ կարելիութեանց խորհրդանիշ է: Քրիստոս ինքզինք ճամբայ հռչակեց, որովհետեւ առ Աստուած դառնալու կարելիութիւնը ընծայեց Աստուծմէ հեռացած մարդուն: Իր պատգամին երկրորդ կէտին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս պարզեց, որ ամէն ճամբայ ունի նպատակ: Մեր առօրեայ կեանքին մէջ մեր դիմաց կը բացուին զանազան ճամբաներ, որոնք մարդս անորոշութեան կ՛առաջնորդեն: Քրիստոս մարդուն այլազան ճամբաներ չյայտնեց, այլ` մէկ ու ճշմարիտ ճամբայ: Հետեւաբար Քրիստոսի ճամբով ընթանալուն նպատակը մէկ է` հասնիլ յաւիտենական կեանքին, այլ խօսքով` փրկութեան:
Նոյն օրը Քուէյթի հայ երիտասարդութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ առանց երիտասարդութեան կենսատու ներկայութեան` մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ուժականութիւնն ու կենսունակութիւնը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 80 քուէյթահայ երիտասարդներ` համալսարանական եւ համալսարանաւարտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքին միջեկեղեցական եւ միջկրօնական բաժանմունքի վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:
Հանդիպման սկիզբը խօսք առաւ թեմի Երեսփոխանական ժողովի ամէնէն երիտասարդ անդամը` Յակոբ Էմրազեան, որ ըսաւ, թէ կաթողիկոսը միշտ յատուկ կարեւորութիւն տուած է երիտասարդութեան` ընդգծելով երիտասարդութեան կարեւոր ներդրումը հայ կեանքին:
Ապա Արամ Ա. ընդհանուր գիծերով ներկայացուց արհեստագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ ընկերութիւնը` յիշեցնելով, որ համաշխարհայնացումը սոսկ տնտեսական եւ տեղեկատուական մարզերուն առնչուած երեւոյթ չէ, այլ էապէս մշակոյթ է, որուն մաս կը կազմենք բոլորս: Այս մշակոյթէն հեռու մնալը կարելի չէ. անոր դէմ պայքարիլը դարձեալ կարելի չէ. սակայն անոր մաս կազմելով հանդերձ մեր ինքնութիւնը պահելը հրամայական է, միեւնոյն ատեն` դժուար: Սա իւրաքանչիւր հայու ու մանաւանդ հայ երիտասարդի համար պէտք է դառնայ մարտահրաւէր, շեշտեց ան:
Արամ Ա. նաեւ անդրադարձաւ հայ կեանքին մէջ երիտասարդութեան դերին` շեշտելով, որ մեր կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ երիտասարդութեան ներկայութիւնը կենսական է, այլապէս մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ներքին կենսունակութիւնը:
Ապա երկխօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ երիտասարդներուն միջեւ: Վեհափառ հայրապետը երիտասարդներուն կողմէ արծարծուած հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն, որոնք այլազան երեւոյթներու առնչուած էին` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, արհեստագիտութիւն, երիտասարդութիւն եւ եկեղեցի, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ կատարեց:
– Շաբաթ, 13 մայիս 2023-ին Արամ Ա. այցելեց Ծոցի երկիրներու Վատիկանի դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ դեսպան եւ պապական նուիրակ Եուճին արք. Նուճընթի կողմէ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին նորին սրբութիւնն ու պապական նուիրակը զրուցեցին շրջանը յուզող հարցերու եւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու գործունէութեանց մասին: