Զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցով դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նոր հրամանատար: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրին:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի նախկին խորհրդական Լենցով այս պաշտօնին պիտի փոխարինէ զօրավար-հազարապետ Անտրէյ Վոքովը, որ պաշտօնի վրայ մնաց շուրջ 1 տարի եւ 3 ամիս:
Լենցով մինչեւ 2020 թուական եղած է ցամաքային զօրքերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ: Մասնակցած է Չեչենիոյ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն, Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան: