Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Զուիցերիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու դաշնակցային բաժանմունքի ղեկավար Իկնասիօ Քասիս 15 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Զուիցերիան կը փափաքի աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան գործընթացին, եթէ Երեւանն ու Պաքուն փափաքին:

«Ես կը խրախուսեմ երկու երկիրները` շարունակելու ջանքերը` հասնելու համար խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ յատկապէս անոր իրագործման: Նկատի ունենալով երկխօսութիւններու եւ խաղաղութեան հաստատման մեր փորձառութիւնը` Զուիցերիան կը փափաքի աջակցիլ այդ գործընթացին, եթէ երկու կողմերը փափաքին», շեշտեց ան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին:

Ան ողջունելի նկատեց ցարդ կատարուածը` զայն նկատելով «գործնականին մէջ խաղաղութիւն», նաեւ դիտել տալով, որ «արձանագրուած յաջողութիւնները կարելի կը դարձնեն կայուն խաղաղութիւնը»:

Բայց եւ այնպէս, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին կարծիքով` մարտահրաւէրները կը յամենան, մասնաւորապէս` մարդասիրական հարցերու մէջ:

Միեւնոյն մամլոյ ասուլիսին, ի շարս այլ նիւթերու, նախարար Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կրնայ աւելի կանուխ բացուիլ, քան կարգաւորման հարցով Երեւանի բանագնացի թեկնածութեան հաստատուիլը:

«Մի ընդունէք սա որպէս պաշտօնական յայտարարութիւն, բայց անկեղծ ասած, դա դեռ հարց է` նոր բանագնացի կարիք կա՞յ, թէ՞ չկայ, որովհետեւ կարող է սահմանի բացումը աւելի շուտ լինել, քան նոր բանագնացների թեկնածութեան համաձայնեցումը», «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան ըսաւ Միրզոյեան:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ հետ գրեթէ ամէնօրեայ կապ կայ: Իսկ թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած էր նախօրէի իր լաւատեսական յայտարարութիւնը, թէ հնարաւոր է` «վաղը առտու արթննանք եւ տեսնենք` Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բաց է», Միրզոյեան շեշտեց, որ ատիկա տեղի ունեցող գործընթացներուն արդիւնքն է.

«Թուրքիայում որոշեցին վերացնել Հայաստան արտահանման արգելքը, մենք միասին վերանորոգում ենք Անիի կամուրջը, մենք Գիւմրի-Կարս երկաթուղու աշխատանքային խումբ ունենք, որը պարբերաբար հանդիպում է: Հայաստանում կ՛անցկացուի Հայաստան-Թուրքիա գործարար համաժողով, յոյսով եմ` այս անգամ եւս փակ սահմանը կը բացուի եւ դրանով կ՛անցնեն հայ գործարարները, ինչպէս Կարսում անցկացուած համաժողովի ժամանակ: Ուզում էի ասել, որ գործընթացն այնքան հասունացած է, որ շատ բնական կը լինի ցանկացած օր ունենալ ամբողջական կարգաւորում», դիտել տուաւ Միրզոյեան` ընդունելով, որ վերջնական նպատակին` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու սահմանի ամբողջական բացման դեռ չեն հասած:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Իկնասիօ Քասիսը: Ան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Զուիցերիա յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը եւ այդ առումով փոխադարձ բարձր մակարդակի այցելութիւններու կազմակերպումը: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ աւելցուց, որ Հայաստանի կառավարութեան համար Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնն ու վաւերացումը առաջնահերթութիւն են:

Իկնասիօ Քասիս աւելցուց, որ Զուիցերիան եւս կարեւոր կը նկատէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական կապերու զարգացումը: Վերջինս ողջունեց եւ կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը` յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ տեղի պիտի ունենայ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:

 

Նախորդը

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
Երկաթուղիի Կառավարման Վերաբերող  Հայաստան-Ռուսիա Աշխատանքային  Խումբ Պիտի Ստեղծուի
Հայկական

Երկաթուղիի Կառավարման Վերաբերող Հայաստան-Ռուսիա Աշխատանքային Խումբ Պիտի Ստեղծուի

October 17, 2026
Լաւրով Ճիշդ Կը Նկատէ «3+3»-ի Յառաջիկայ  Հանդիպումը Պաքուի, Իսկ Յաջորդը`  Երեւանի Մէջ Կայացնելը
Հայկական

Լաւրով Ճիշդ Կը Նկատէ «3+3»-ի Յառաջիկայ Հանդիպումը Պաքուի, Իսկ Յաջորդը` Երեւանի Մէջ Կայացնելը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.