Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարներ Վահէ Գէորգեանը եւ Մնացական Սաֆարեանը 25 ապրիլին Երեւանի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինի հետ: Կալուզին նաեւ առանձնազրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
«Ուշադրութեան կեդրոն էր երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ շրջանային անվտանգութեան ապահովման խնդիրներու շուրջ միտքերու փոխանակումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, կողմերը նշած են ռուս-հայկական դաշնակցային համագործակցութեան դրական ընթացքը:
«Ընդգծուած է բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ երկխօսութեան յառաջ ընթացող զարգացումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ընդլայնումը համապատասխան գերատեսչութիւններու միջեւ` խորհրդարանական գծով, միջշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ մշակութային կապերու միջոցով: Նշուած է առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու մրցանշային ընթացքը: Գոհունակութիւն արտայայտուած է միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան աստիճանին առնչութեամբ», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Մանրամասնօրէն քննարկուած է նաեւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը:
«Կողմերը նաեւ հանգամանօրէն քննարկած են շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը` նախ եւ առաջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կացութեան սրման լոյսին տակ, ինչ որ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Նախանշուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով ջանքերը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եւ 31 հոկտեմբեր 2022-ի համաձայնութիւններուն համապատասխան», եզրափակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: