Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետրոս Խեչոյեանին (Արաբերէնով Խորժեան Գրուած) Յիշատակին

Ապրիլ 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Որքան ալ որ սփիւռքի մէջ հայապահպանման համար լոզունգներ յառաջացնենք եւ երկար յօդուածներ գրենք, իրականութիւնը այն է, որ սփիւռքի մէջ հայապահպանման ջահը ձեռքն է Պուրճ Համուտի (կամ նոյնատիպ այլ թաղամասի մը) մէջ ապրող/ապրած այն յամառ հայուն, որ` կուրօրէն հաւատալով հայկական միջավայրին կարեւորութեան, չէ ուզած դուրս ելլել հայկական մթնոլորտէն:

Պետրոս Խեչոյեանը այդպէս էր. անձ մը, որ չէր ուզած Լիբանանի պատերազմի օրերուն Կիպրոսի մէջ քանի մը ամիս մնալէ ետք ընտանեօք Քանատա փոխադրուելու առիթը օգտագործել, որովհետեւ վախցած էր, իր չորս տղաքը օտարանան լիբանանահայ գաղութէն դուրս, եւ վերադարձած էր Արաքս թաղի իր տունը` միշտ երազ ունենալով Հայաստանի մէջ անցընել իր կեանքը:

Թէեւ վերջերս միականի դարձած էր, սակայն հարցերը լաւ տեսնելու սուր միտք ունէր, իսկ ատիկա ինք կը վերագրէր հայոց պատմութեան տիրապետելուն: Զրոյցներու ընթացքին միշտ պատգամ մը ունէր փոխանցելիք անցեալէն, եւ ատիկա պատճառ կը դառնար, որ ընդհանրապէս դժգոհ ըլլար ներկայի իրավիճակէն: Շատ կը տառապէր մանաւանդ լիբանանահայ մշակութային կեանքին փոփոխութենէն` չըսելու համար նօսրացումէն, քանի որ ամբողջ կեանք մը անցուցած էր աւագասրինգ նուագելով զանազան մշակութային խումբերու մէջ, ինչպէս` «Կոմիտաս», «Աշտարակ», «Էհրամճեան» պարախումբ եւ «Լոռի» պարախումբ: Ունէր գեղեցիկ ձայն, որուն համար «Կոմիտաս»-ի կազմակերպած երգի մրցումներէն մէկուն ախոյեանը եղած էր: Պատանի տարիքին մաս կազմած էր պատանեկան միութիւններուն` կնքահայր ունենալով Զօրավար Դրոն: Նաեւ ճկուն մարզիկ էր եւ մասնակցած էր Պօղոս Արիսի քաղաքապետ եղած օրերուն կազմակերպուած Ճիւնիէն Պուրճ Համուտ վազքի մրցումի մը` գրաւելով երկրորդ դիրք: Հակառակ խարբերդցի ըլլալուն` Մարաշի հայրենակցական միութեան մէջ ծառայած էր: Անկարելի էր, որ Պետրոսին հետ զրոյցի չբռնուէիր Նոր Մարաշի վերջաւորութեան, անկիւնադարձին, անոր կօշիկի խանութ/աշխատանոցին առջեւէն անցած ժամանակդ. ընդհանրապէս կա՛մ ընկերոջ մը հետ խօսակցութեան մէջ կամ ալ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ինկած կ՛ըլլար` իր խոշորացոյցովը:

Պետրոսի հայրենասիրութիւնը առաւելաբար իր հօրեղբօր` խարբերդցի ֆետայի Խեչոյին հետ կ՛առնչուէր: Ֆետայի Խեչոն իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան սպանդէն ազատած ու Լիբանան փոխադրած էր: Պետրոսին հայրը նախ Ճիւնի ապրած էր եւ աւելի ուշ` Նոր Մարաշի Տոնուզլուխ թաղը, ուր աշխատած էր իր պապենական գործը` փռապան: Պետրոս կը պատմէ, որ Խարբերդի մէջ իր հօր ընտանիքը չորս մեծ հողատարածք ունեցած է եւ ցորենի ցանքով զբաղած: Ջաղացք ունենալուն համար ալ ջաղացպան եղած է:

Թէեւ Պետրոսը իր ամբողջ կեանքը կա՛մ անցեալի մէջ ապրած է` անցեալի փառքերուն մասին խօսելով, կամ ապագային` հայրենիքին մէջ ապրելու երազով, սակայն միշտ ալ իր ներկան եղած է հայկականութիւնը, հայկական շունչով ապրելու տագնապը:

Պետրոս Խեչոյեան քառասուն օրեր առաջ բաժնուեցաւ մեզմէ: Պուրճ Համուտի հայօրէն շնչող կերպարներէն մէկը եւս գնաց անդի աշխարհ` իր բռնած ճամբուն հաւատքէն առանց օր մը իսկ շեղելով` հակառակ երկրին պատերազմային վիճակին ու ընկերատնտեսական տագնապին: Թերեւս ֆետայի մը կամ հռչակաւոր երաժիշտ մը չդարձաւ, սակայն իր կենցաղով ջահը յանձնեց իր զաւակներուն` յուսալով, որ ընդմիշտ անմառ կը մնայ հայուն լոյսը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Պետօ ամմօ:

 

 

 

 

Նախորդը

Յինանց Կիրակիներ. Յինունք Եւ Նոր Կիրակի Կամ Կրկնազատիկ

Յաջորդը

Յապաղած Զրոյց` Մովսէս Ծիրանիի Հետ. Իրաւ Արուեստը Կեղծիք Չի Հանդուրժեր

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?