ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ)
ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 4 ԱՊՐԻԼ 2023
– Յիշատակ Տասն կուսանաց` ժամը 17:00-ին
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 6 ԱՊՐԻԼ 2023
– Կարգ ապաշխարողաց` ժամը 8:30-ին
– Ս. Հաղորդութեան պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Կարգ ոտնլուայի` ժամը 16:00-ին
– Կարգ չարչարանաց (Խաւարման գիշեր)` ժամը 19:30-ին
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԱՊՐԻԼ 2023
– Կարգ խաչելութեան` ժամը 8:30-ին
– Կարգ թաղման` ժամը 16:00-ին
ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 8 ԱՊՐԻԼ 2023
– Ժամերգութիւն` ժամը 16:00-ին
– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 17:00-ին
ԿԻՐԱԿԻ, 9 ԱՊՐԻԼ 2023 (Ս. ԶԱՏԻԿ-Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ)
– Ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Ս. եւ անմահ հայրապետական պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 10 ԱՊՐԻԼ 2023 (ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)
– Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.
– Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին
– Կարգ Ոտնլուայի` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին
Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
– Խաւարման գիշեր` երեկոյեան ժամը 7:30-ին
Օրուան պատգամը պիտի ուղղէ եւ պիտի նախագահէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին
Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու Ս. պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ վերանորոգուելու Ս. Յարութեան հրաշափառ խորհուրդով:
Վեհափառ հայրապետը Ս. Զատկուան շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի վեհարանին մէջ Ս. պատարագէն ետք, մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք` 4:00-էն 7:00:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ ԵՒ ԹԱՓՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ ուրբաթ, 7 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգը:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարէ, քարոզէ եւ թափօրը նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`
ԳԵՐՊ. Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ հինգշաբթի, 6 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Խաւարման գիշերային ժամերգութիւն:
Ժամերգութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն ժամերգութեան եւ հաղորդակից դառնալու օրուան խորհուրդին:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Քնար, Սիմոն եւ Կարէն Մանուկեաններ շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց հօր` ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի մահուան եւ քառասունքին սուգին առիթով:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սարգիս Մանուկեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին.
Տիար Մովսէս Գազանճեան 500.000 լ. ո., տիար Յակոբ Սարգիս Սաաթճեան 500.000 լ. ո., Խշխշեան ընտանիք 300.000 լ. ո., տիար Յակոբ Կարապետեան 500.000 լ. ո., տիկին Սիրուն Մանուկեան 200.000 լ. ո., տիար Սերժ Խաչատուրեան 200.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութ եւ Թալին Պետրոսեան 4.000.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Անահիտ Արսլանեան 50$, տիար Վիգէն Երէցեան եւ ընտանիք 100$, տիար Աբրահամ Յովսէփեան 200.000 լ. ո., տիար Աւօ Մուրատեան 200.000 լ. ո., տեարք Լեւոն եւ Սիմոն Միքայէլեան 2.500.000 լ. ո., տիար Յակոբ Թինքճեան 500.000 լ. ո., տիար Յարութ Տէմիրճեան 300.000 լ. ո., տիար Ժաք Տէմիրճեան 400.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Միրնա Իմաստունեան 50$, տիկին Անահիտ Իմաստունեան 20$, տիար Էլի Շահին եւ ընտանիք 200.000 լ. ո., տիար Սեզար Ֆարիտ Ապի Խալիլ եւ ընտանիք 200.000 լ. ո., տիար Թոնի Արմանի եւ ընտանիք 500.000 լ. ո.:
Սարգիս Մանուկեանի մահուան առիթով հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին.
Խապպազ ընտանիք 500.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Ժաք եւ Նելլի Պոյաճեան 500.000 լ. ո., Լոռի Սարգիսեան 1.500.000 լ. ո., Ժիրայր Գազանճեան 500.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Յարութ եւ Թալին Պետրոսեան 8.000.000 լ. ո., Պապոյեան ընտանիք 300.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Եղիկ Գալաճեան 1.000.000 լ. ո., Պետրոս Թոսունեան 200.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարալ Մահսէրէճեան 100$, Վիգէն Երէցեան 50$, Երէցեան ընտանիք (Քանատա) 250$, Լեւոն Գարակէօզեան 100$, Հրայր Աղասարգիսեան 50$: