Պաքու կը պնդէ, որ 25 մարտի գործողութեան հետեւանքով իր վերահսկողութեան տակ առած է Շուշիի շրջանի երկու նախկին ազրպէյճանաբնակ Ալահգուլուլար եւ Զամանփէյեսի գիւղերը, ինչպէս նաեւ յարակից բարձունքներն ու տարածքները: «Ազատութիւն» կը նշէ, որ այս մասին հաղորդած է Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
ԱՓԱ նաեւ հրապարակած է երկու կարճ տեսանիւթեր, որոնց մէջ կ՛երեւին գիւղերու շարք մը տուներու մնացորդները: