Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան գործակատար Ալի Տողմանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ ընդգծեց իր կեցուածքը, որ աւելի քան 5 տարի առաջ հաստատած է, եւ որուն համաձայն, կ՛ընդգծուի Սուրիոյ վերադարձը Արաբական լիկա, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան-սուրիական միացեալ շահեր կ՛ապահովէ:
Պասիլ ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքին որդեգրած կեցուածքներն են, որոնք արգելք կը հանդիսանան այդ տունդարձը իրականացնելու: