Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 111.500 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ շաբաթ օր հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 2.080.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.130.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.954.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.538.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ հաստատեց, որ Լիբանան փլատակներուն տակէն պիտի յառնի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ Ղատա Այյուպ յայտնեց, որ ինչքան լիբանանեան քաղաքական ուժերը միասնական գտնուին` փրկութեան նախագահ մը ընտրելու, այնքան արագ կարելի կ՛ըլլայ վերջ տալ երկիրը յուզող այս ահաւոր տագնապին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի իսկական եւ ամբողջական փլուզումը արդէն իսկ սկսած է` աւելցնելով, որ կացութիւնը օրըստօրէ կը վատթարանայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նազիհ Մաթթա յայտնեց, որ համախոհական նախագահի ընտրութիւնը կը կլորցնէ սուր անկիւնները եւ կ՛երկարաձգէ տագնապը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխանները պիտի ընդառաջեն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յղած առանձնացումի եւ աղօթքի հրաւէրին: Ան հաստատեց, որ նախագահական դատարկութեան պատասխանատուութիւնը քրիստոնեայ համայնքին վերագրելը անճիշդ է եւ անտեղի: Նշենք, որ Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Համիշ Քոուելը, որ հաստատեց, որ Լիբանանի տագնապը կարելի պիտի չըլլայ լուծել, բացի յանդուգն որոշումներ տուող հանրապետութեան իսկական նախագահի ընտրութեամբ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Համաշխարհային Գ. պատերազմի սկիզբն է արդէն` աւելցնելով, որ որեւէ սխալ հաշիւ կրնայ պատճառ դառնալ մարդկութեան վերացման:

Ճիւնիի Հանթուշ հովիտ Ղատիր շրջանին մէջ արձանագրուեցաւ զինեալ բախում մը` սուրիացի տեղահանուածներուն եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն միջեւ: Կրակոցները պատճառեցին վիրաւորներ, եւ դէպքին վայրը ժամանեցին Ճիւնիի քաղաքապետութեան ոստիկաններն ու լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` վերջ տալու արտաքին համաձայնութիւններու վրայ անոնց դրած գրաւին: Ան շեշտեց, որ պէտք է մտածել երկրին փրկութեան ձեռնարկող հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեան տեղական ելքերուն մասին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուրջ քննարկումը յետաձգուած է յառաջիկայ ապրիլի երկրորդ կիսուն` աւելցնելով, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւէրը անկարողութիւն կ՛արտացոլէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետը, Մարոնիներու լիկայի նախագահ դեսպան Խալիլ Քարամն ու Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթի շէյխ Ալի Ղազզաուին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու տարբեր շրջաններուն վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Շի Ճինփինկ. «Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը Փեքինի Ռազմավարական Ընտրութիւնն Է»

Յաջորդը

Պասիլ Տողմանի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.