Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի հետ: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մաուլաուի ընդգծեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը քաղաքացիներուն ծառայութեան նպատակով կը գործէ, եւ այդ իմաստով տնօրէնութիւնն ու նախարարութիւնը գոհունակութիւն կը յայտնեն:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ իբրեւ ներքին գործոց նախարարութիւն, կը զօրակցին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ Պայսարիի, որ ներքին գործոց նախարարութեան համար սիրելի եւ արժէք ներկայացնող անձնաւորութիւն է:
Իր կարգին, Պայսարի շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր աշխատանքները կատարեալ աշխուժութեամբ կը կատարէ` աւելցնելով, որ տնօրէնութիւնը կը կազմակերպէ սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձ` ըստ անոնց փափաքին` աւելցնելով, որ անոնց տունդարձը պիտի շարունակուի:
Պայսարի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն անցագիր ստանալու համար իրարանցում չստեղծելու, որովհետեւ բաւարար անցագիրներ կան:
Ան նկատել տուաւ, որ յատկապէս անոնք, որոնք մօտիկ ապագային ճամբորդութեան ծրագիրներ չունին, պէտք չունին անցագիր ստանալու համար իրարանցում ստեղծելու:
Մաուլաուիի այցելեցին երեսփոխաններ Ղասսան Հասպանի, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Ուատտահ Սատեք եւ Ուալիտ Պաարինի, որոնք քննարկեցին Պէյրութի, Ռաշայայի եւ Արեւմտեան Պեքաայի, ինչպէս նաեւ Աքքարի վերաբերող հարցեր:
Մաուլաուիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Էլի Մարունի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: