Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Տոհա այցելութեան աւարտին հրապարակուեցաւ ֆրանս-քաթարական միացեալ յայտարարութիւն մը, որ աջակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
Երկու երկիրները շեշտեցին, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտը պէտք չէ ապահովական բացի ստեղծման յանգեցնէ:
ֆրանս-քաթարական հաղորդագրութիւնը դատապարտեց շրջանի երկիրներուն վրայ յարձակումները` զանոնք նկատելով միջազգային օրէնքի վտանգաւոր ոտնահարում:
Հաղորդագրութիւնը իր աջակցութիւնը յայտնեց Իրանի ներկայացուցած սպառնալիքներուն տեւական լուծում բերող դիւանագիտական լուծումի մը ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Հորմուզի նեղուցին մէջ առանց սահմանափակումներու կամ տուրքերու նաւարկման ազատութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` զօրակցութիւն յայտնելով այդ նպատակի իրագործման ջանքերուն:
Ֆրանս-քաթարական հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Ֆրանսա եւ Քաթար դիւանագիտական ջանքերու համակարգում կը կատարեն շրջանին մէջ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ մագլցումը նուազեցնելու համար:


