Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց. «Ներկայ փուլին Լիբանան խիստ կարիքն ունի բանի մը, որ լիբանանցիները պիտի միաւորէ: Լիբանանցիներու միասնութիւնը այս երկրին համար փրկարար օղակ է, յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ»:
«Լիբանանի շահը փոխըմբռնման ու երկխօսութեան լեզուն խթանելուն մէջ է, եւ այն ամէնին մէջ, ինչ որ լիբանանցիները աւելի կը մտերմացնէ: Պէտք է խուսափիլ սադրիչ, բնազդային ու համայնքային հռետորաբանութենէն, ինչպէս նաեւ բանավէճերէն, որոնք կը խորացնեն լարուածութիւնը եւ կը սպառնան երկրի քաղաքացիական խաղաղութեան», ըսաւ ան:
Պըրրի հարց տուաւ. «Ի՞նչ շահագրգռութիւն կայ համայնքային լարուածութիւնն ու հակամարտութիւնները հրահրելու մէջ»:
«Ներքին միասնութիւնը մեր երկիրը պաշտպանելու համար մեր ձեռքը եղող միակ զէնքն է: Այս առնչութեամբ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել որեւէ հարցի կամ թղթածրարի արծարծում, անկախ անոր բնոյթէն, որ կրնայ շփոթներ յառաջացնել եւ ներքին իրավիճակը լարուածութեամբ խաթարել: Երկրին իրավիճակը նուրբ է եւ կը պահանջէ մեծ իրազեկութիւն ու գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ բոլոր ներքին բաղադրիչներու միջեւ ամուր գործընկերութիւն` այն ուղղութեամբ, որ կը պահպանէ երկիրը եւ կը հաստատէ անվտանգութեան, կայունութեան եւ հանգստութեան բարձրագոյն մակարդակը», նշեց խորհրդարանի նախագահը:
Անդրադառնալով ՖԻՆԻՒԼ-ին` Պըրրի յայտնեց. «Լիբանանի դիրքորոշումը միասնական է թիւ 1701 որոշումին կառչելու անհրաժեշտութեան, հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շարունակական ներկայութեան եւ հարաւային շրջանը ՄԱԿ-ի հովանիին տակ պահելու հարցին առումով»:
«Ֆրանսան կանգնած է Լիբանանի կողքին: Անոնք իրենց աջակցութեան եւ յառաջ քշած նախաձեռնութիւններուն մէջ անկեղծ են, սակայն, ցաւօք, միջազգային մթնոլորտը անոնց դէմ է», նշեց խորհրդարանի նախագահը:


