Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Սայլոսայպին (Կախարդական Սունկերը)

Յունուար 17, 2023
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ի՞նչ են սայլոսայպինի սունկերը (կախարդական սունկերը) (Magic Mushrooms)

Սայլոսայպինի սունկերը բնական սունկեր են, որոնք կը պարունակեն հոգեկան առողջութեան վրայ ազդող նիւթ մը` psilocybin-ը: Ամբողջ աշխարհի վրայ կը հանդիպինք սայլոսայպին պարունակող սունկերու աւելի քան 180 տեսակներու, որոնք կրնան յառաջացնել զգայախաբութիւն եւ մարդու հոգեկանի վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենան, երբ օգտագործուին: Այլ քիմիական նիւթերէն են պայոսիսթինը եւ նորպայոսիսթինը, որոնք սովորաբար առկայ են սունկին մէջ փոքր քանակութեամբ, սակայն յստակ չէ, թէ որքանո՛վ անոնք կը նպաստեն ընդհանուր ազդեցութեան:

Փոքր եւ ազդու (Psilocybe semilanceata) սունկը Եւրոպայի մէջ յայտնաբերուած ամէնէն աւելի ճանչցուած եւ տարածուած տեսակն է: Այլ տեսակներու կը հանդիպինք վայրի բնութեան մէջ, իսկ Psilocybe cubensis սունկը կը մշակուի առտնին պայմաններու մէջ:

Թէեւ կախարդական սունկերու իւրաքանչիւր տեսակի հոգեգործուն ազդեցութիւնը կը յառաջանայ սայլոսայպինի կողմէ, սակայն սունկերու տարբեր տեսակները կրնան ունենալ տարբեր տեսակի հոգեկան ազդեցութիւն, եւ գիտութիւնը տակաւին կ՛ուսումնասիրէ անոնց տեսակն ու ուժգնութիւնը:

Որո՞նք են սայլոսայպին սունկերու տարբեր տեսակները

Թարմ

Սայլոսայպին սունկերը բնական են, անոնք կ՛աճին հողին վրայ: Սայլոսայպինի սունկերու տարբեր տեսակներ բնական ձեւով կ՛աճին ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ յստակ է, որ որոշ մարդիկ կեր կը փնտռեն անոնց համար: Սակայն այս սունկերը անձամբ հաւաքելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Ծանօթ է սունկի աւելի քան 10.000 տեսակ, որոնցմէ քանի մը հատը թունաւոր են մարդոց համար: Առանց տարբեր տեսակի սունկերու, տեսակներու եւ վտանգներու իմացութեան` դիւրին է մէկ սունկը միւսին հետ շփոթելը: Անձը կրնայ ընտրել այնպիսի սունկ, որ զինք կը պահէ քնածութեան (comatose) վիճակի մէջ` ի տարբերութիւն այլ սունկերու, որոնք կրնան ձեզ հոգեբուժական ճանապարհորդութեան մը տանիլ:

Չորցուած

Սունկին մօտ 90 տոկոսը կազմուած է ջուրէ, եւ այդպիսով, երբ չորնայ, կը կորսնցնէ իր զանգուածին մօտ 90 տոկոսը: Սա կը նշանակէ, որ կախարդական սունկերու նոյն չափաբաժինը չորցած վիճակին կ՛ըլլայ թարմ չափաբաժինէն մօտ 10 անգամ աւելի քիչ քանակով:

Եթէ սունկին մէջ գոյացած խոնաւութիւնը չհանուի, այդ վիճակին քաղուելու պարագային, կրնայ շատ շուտ փճանալ. բան մը, որ կ՛ոչնչացնէ ո՛չ միայն բուն սունկը, այլ նաեւ անոր պարունակութիւնը` սայլոսայպինը: Փտած կախարդական սունկ ուտելը երբեք լաւ գաղափար չէ, բորբոսը ստամոքսի լուրջ խնդիրներ կրնայ յառաջացնել` առանց որեւէ հոգեբուժական ազդեցութեան:

Կախարդական սունկերու շուկան անօրէն է եւ չկարգաւորուած, որովհետեւ սայլոսայպինի սունկերը անօրինական են գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ: Որեւէ տեսակի կախարդական սունկ (թարմ կամ չոր) գնելու վտանգը կը կայանայ այն պարագային մէջ, որ եթէ մասնագէտ չէք, յստակ չէք կրնար գիտնալ, թէ ո՛ր տեսակն է ձեր գնածը: Գոյութիւն ունին սայլոսայպինի սունկերու շատ տարբեր տեսակներ, եւ որոշներ աւելի ազդեցիկ են, քան` միւսները: Օգտագործելով չափաբաժին մը սունկէ մը, որ կը կարծէք, թէ տկար տեսակի կը պատկանի, կրնայ յանգիլ անսպասելի եւ տհաճ հետեւանքներու, եթէ պարզուի, որ անիկա այլ կամ աւելի ուժեղ տեսակի կը պատկանի:

Փոշի

Կախարդական սունկը կրնայ յայտնուիլ նաեւ փոշիի տեսքով. կը վաճառուի որպէս դեղահատ կամ որպէս փոշի: Այս տեսքով սայլոսայպին գնելու կամ ստանալու վտանգները աւելի մեծ են, քան` թարմ կամ չորցուած տեսակները: Շատ աւելի դիւրին է ապօրինի նիւթեր աւելցնել փոշիին մէջ. բան մը, որ յոյժ կը մեծցնէ վտանգները անյայտ ծագումի, որակի եւ քանակի նիւթերու, որոնք կը խառնուին ձեր կարծած մաքուր սայլոսայպինի փոշիին:

Սունկ օգտագործելով

Կարեւոր է գիտակցիլ, որ բնական արտադրանքները հակուած են տարբեր ըլլալու իրենց ազդեցութեամբ, նոյնիսկ` նոյն տեսակի պարագային, տարբեր վայրերու մէջ: Սայլոսայպինի սունկը կ՛օգտագործուի բազմաթիւ ձեւերով` թարմ կամ չորացուած, օրինակ` կ՛եփեն թէյի մէջ, կը դնեն ուտելիքի մէջ` աղացած, կամ պարզապէս կ՛ուտեն այնպէս, ինչպէս որ է: Որովհետեւ սունկերը գրեթէ ամբողջութեամբ ջուր են, թարմ սունկերու չափաբաժինը կը կշռէ մօտ 10 անգամ աւելի, քան` չորցուած նոյն չափաբաժինը:

Սայլոսայպինը ինչպէ՞ս կը գործէ որպէս դեղամիջոց` մարմնին եւ ուղեղին մէջ

Սայլոսայպինը եւ սայլոսինը յայտնի են որպէս հոգեկան առողջութեան վրայ ազդող թրիփթամիններ եւ քիմիական կառուցուածքով շատ նման են հիմնական քիմիական սուրհանդակին (messenger), որ կը կոչուի սերոթոնին: Սերոթոնինը շատ կարեւոր գործառոյթներ ունի մեր ուղեղին եւ մարսողական համակարգին մէջ: Ան կը կարգաւորէ մեր տրամադրութիւնը, քունի շրջանները եւ սթրեսը յաղթահարելու մեքանիզմները:

Քիմիական կառուցուածքի այս նմանութեան շնորհիւ` սայլոսինի մասնիկները ուղեղին մէջ կ՛աշխուժացնեն նոյն այն ընկալիչները, որոնք կ՛աշխուժացնեն սերոթոնինը, յատկապէս` ընկալիչին յատուկ այն բաժինը, որ յայտնի է 5HT2A անունով: Այս ընկալիչը կը միջնորդէ բազմաթիւ տարբեր գործառոյթներ մեր մտքին մէջ, ինչպէս` տրամադրութիւնը, երեւակայութիւնը, սորվիլը եւ ընկալումը:

5HT2A ընկալիչներուն մեծ մասը կը գտնուի ուղեղի կեղեւի (1) բջիջներուն վրայ: Այս բջիջները նաեւ բաւական երկար են եւ աւելի տարածուն, հետեւաբար աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին ուղեղի գործունէութեան վրայ:

Սայլոսինը կը կապուի ընկալիչներուն եւ կ՛աշխուժացնէ զանոնք` այդպիսով յառաջացնելով մարդուն մօտ կախարդական սունկին յատուկ «ճանապարհորդութիւն»-ը, որ կրնայ ներառել տրամադրութեան, երեւակայութեան եւ ընկալման փոփոխութիւններ: Վերջին հետազօտութիւնները նաեւ ցոյց տուած են, որ սայլոսինը կ՛ազդէ ուղեղի մէկ մասին վրայ, որ կը կոչուի Default Mode Network (DMN):

Մեր DMN-ները նման են մեր ուղեղի հիմնական տեղեկատուական մայրուղիներուն: Անոնք կը հանդիսանան համախմբման կեդրոններ: Մինչ մենք կը զբաղինք մեր առօրեայով, անոնք հանգիստ կերպով յետնամասային տեղեկատուութիւն կը հաւաքեն: Անոնք նաեւ թոյլ կու տան մեզի «ժամանակով ճամբորդել» մեր մտքին մէջ` անցեալի մասին մտածելու եւ ապագան ծրագրելու հնարաւորութիւն տալով: Ոմանք նաեւ կ՛ենթադրեն, որ մեր DMN-ները մեր անհատականութիւններու տունն են, ուր կը գոյանան մեր «ես»-ի զգացումները:

Սայլոսինը ժամանակաւորապէս կ՛անջատէ DMN-ի «միակցիչ հանգոյցներէն» մէկը կամ քանի մը հատը: Մեր ուղեղի հիմնական տեղեկատուական մայրուղիի այս ժամանակաւոր անջատումը կը նշանակէ, որ ուղեղը չի կրնար կապուիլ իր տարբեր մասերուն հետ, ինչպէս սովորաբար կ՛ընէ այդ մէկը, եւ փոխարէնը` ստիպուած կ՛ըլլայ միանալ այնպէս, ինչպէս սովորաբար չ՛ըլլար: Սա կը նշանակէ, որ ուղեղը կը սկսի հաղորդակցիլ իր այն մասերուն հետ, որոնց հետ սովորաբար չի «խօսիր». ուրեմն ուղեղը նոր կապեր կը ստեղծէ սայլոսինի ազդեցութեան տակ:

Որո՞նք են սայլոսայպինի սունկերու ազդեցութիւնները

Սայլոսայպինի սունկերը փոփոխութիւններ կը յառաջացնեն զանոնք օգտագործողի գիտակցութեան, տրամադրութեան, ընկալման եւ զգացողութեան մէջ: Այս փոփոխութիւնները դասականօրէն ծանօթ են որպէս «հոգեկան ճանապարհորդութիւն» եւ կրնան տեւել 2-6 ժամ: Ճանապարհորդութեան ուժգնութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է օգտագործուած չափաբաժինի եւ սունկերու ուժին հետ` սայլոսայպինի պարունակութեան առումով:

Սովորաբար հաղորդուած ազդեցութիւնն այն է, որ միտքը կարծես թէ աւելի բաց կը դառնայ սայլոսայպինի ազդեցութեան տակ, եւ զգացողութիւնը կրնայ դառնալ շատ աւելի ուժգին:

Սա կը նշանակէ, որ այն բաները, որոնք մարդուն սովորաբար գեղագիտականօրէն հաճելի կը թուի (արուեստ, բնութիւն, երաժշտութիւն եւ այլն), կրնան շատ աւելի գեղեցիկ դառնալ սայլոսայպինով, քան` սթափ վիճակի. բայց այդ մէկը կրնայ նաեւ նշանակել, որ բնական զգացողութիւնը կրնայ դառնալ ճնշող: Օրինակ` փողոցի կամ գիշերային զբօսավայրի մը պէս մարդաշատ վայրի մէջ գտնուիլը կրնայ դժուար ըլլալ զգայական ներածութեան մեծ քանակի պատճառով, որ կրնայ դիւրութեամբ ճնշել միտքն ու զգայարանքները: Սայլոսայպինի սունկերը փորձելու ճշգրիտ ֆիզիքական չափանիշը յարմար եւ ծանօթ այն տեղն է, ուր զգայական ներածման քանակութիւնը քիչ է, կամ կարելի է վերահսկել, ինչպէս` տունը կամ խաղաղ ու բաց տարածքը:

Փորձի հիմնական հետեւանքներէն են նոր, հետաքրքրական կամ իւրահատուկ ձեւերով մտածելը. այս պարագային յոյզերը շատ աւելի կապուած կ՛ըլլան զգայական փորձառութիւններու հետ. ձեր հայեացք շատ աւելի կ՛ուղղուի դէպի ներս` դէպի ձեր սեփական յոյզերը կամ բնաւորութիւնը. ժամանակի խեղաթիւրումներ եւ տեսողական ու լսողական ցնորքներ կը պատահին բարձր դեղաչափի պարագային:

Նկատի ունենալով, որ սայլոսայպինը կը կապէ ուղեղի տարբեր մասերը նոր եւ հետաքրքրական ձեւերով, զանոնք օգտագործողը կրնայ ունենալ տարբեր, հետաքրքրաշարժ, տարօրինակ եւ երբեմն սարսափելի մտածելակերպեր: Քիչ բան կարելի է ընել` կանխատեսելու, թէ ինչպէ՛ս կրնայ անցնիլ հոգեբուժական ուղեւորութիւնը, եւ լաւագոյն փորձը ճանապարհորդութենէն առաջ դրական մտածելակերպ եւ յարմարաւէտ միջավայր ապահովելն է:

Զգայախաբութիւններու յառաջացումը կախում ունի օգտագործուած կախարդական սունկի ուժէն, տեսակէն ու չափաբաժինէն եւ զանոնք կրնան ներառել ձայներու ընկալման, փակ աչքերով եւ բաց աչքերով տեսողական պատկերներու փոփոխութիւններ:

Փակ աչքերով տեսիլքները կրնան տարբերիլ` նախշեր, վառ գոյներ, մինչեւ երազի նմանող յաջորդականութիւններ եւ խորունկ յիշատակներ զգալ` բոլորը փակ աչքերով: Բաց աչքերով տեսիլքները կրնան ներառել ձեր միջավայրի զգայախաբութիւնները, օրինակ` գոյները կը դառնան աւելի աշխուժ, կը տեսնէք մակերեսներ, որոնք կարծես կը ծածանին կամ «կը շնչեն» ձեր աչքին դիմաց, նախշեր կը ձեւաւորուին, կը շարժին ու կը շրջին եւ շատ աւելին… Աւելի մեծ չափաբաժիններու պարագային, առարկաները եւ միջավայրերը կրնան վերածուիլ տարբեր բաներու, եւ կրնաք զգալ այնպիսի բաներ, որոնք իրականութեան մէջ չկան:

Լսողական ցնորքները կրնան ներառել հնչիւններ, որոնք կը դառնան աւելի յստակ, խստաշունչ, աւելի աղաւաղուած կամ շերտաւորուած: Երաժշտութեան կամ բառերու եւ լեզուի ընկալումն ու գնահատումը նոյնպէս կրնան փոխուիլ:

Շատ բարձր չափաբաժիններով օգտագործողները կրնան զգալ բան մը, որ ծանօթ է «եսի մահ» անունով: Սա ուժգին ու խտացեալ փորձառութիւն մըն է, երբ ձեր «ես»-ի զգացումը կրնայ դադրիլ գոյութիւն ունենալէ. բան մը, որ կրնայ վախցնել, տարօրինակ թուիլ, կամ` երկուքը միասին: Բարձր դեղաչափը չի յանձնարարուիր, յատկապէս` առաջին անգամ օգտագործողներուն կամ անոնց, որոնք լաւապէս ծանօթ չեն այս ճանապարհորդութեան, որովհետեւ «եսի մահ»-ը կրնայ շատ ազդու փորձառութիւն մը ըլլալ:

Արդեօ՞ք սայլոսայպինի սունկերը բուժական օգտագործում ունին

Սայլոսայպինի սունկերը ունին ազդու բժշկական կիրարկութիւն` հոգեկան հիւանդութիւններու եւ խանգարումներու բուժման համար, ինչպիսիք են` ընկճուածութիւնը, մտահոգութիւնը, ալքոլամոլութիւնը եւ PTSD-ն:

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են (յատկապէս` Տէյվիտ Նաթի եւ Լոնտոնի Իմփիրիըլ քոլեճի կողմէ) սայլոսայպինի սունկերու օգտակարութեան վերաբերեալ, մասնաւորապէս` ընկճուածութեան բուժման մէջ: Այս ուսումնասիրութիւններու բացայայտումները ցոյց կու տան մեծ յարաբերակցութիւն մը սայլոսայպինի փորձառութիւններու եւ ենթականերու մօտ ընկճուածութեան նուազման միջեւ, երբեմն նոյնիսկ` սայլոսայպինի մէ՛կ փորձառութեամբ:

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են նաեւ փոխկապակցուածութիւն սայլոսայպինի փոքր չափաբաժիններով բուժում անգարի (migraine): Այնուամենայնիւ, այս պահուն փոքր չափաբաժիններու վերաբերեալ շատ քիչ հետազօտութիւններ կան, եւ շատերը կը կարծեն, որ ազդեցութիւնը զուտ փլասիպօ է:

Բուժման նպատակով սայլոսայպինի բժշկական կիրարկումը պէտք է կատարուի միայն մասնագէտներու կողմէ, եւ պէտք չէ անձամբ փորձել օգտագործել սայլոսայպին` որպէս բուժման միջոց:

Որո՞նք են սայլոսայպինի սունկերու օգտագործման վտանգները

Սայլոսայպինի հիմնական վտանգը «վատ ճանապարհորդութիւն» ապրիլն է:  Վատ ճանապարհորդութիւնը կրնայ ներառել բացասական տարբեր փորձառութիւններ, բայց նաեւ կրնայ ներառել աներեւակայելի անյարմար զգացում մը ձեր անձին կամ միջավայրին հանդէպ, կրնաք ուրիշներու հետ չկրնալ յարաբերիլ եւ իրականութեան հետ կապի կորուստ ունենալ` ի թիւս այլ հնարաւոր վտանգներու:

Անոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը տեղ մը գտնուելով` իրականութեան հետ կապի կորուստն է: Սայլոսայպինի ազդեցութեան տակ «նորմալ» մտածելը կամ գործելը կրնայ գրեթէ անկարելի ըլլալ, եւ եթէ մարդը կը գտնուի տեղ մը, ուր կը պահանջուի իր մտային կարողութիւններուն տէրը ըլլալ, օրինակ` բանուկ փողոցի մը, մարդաշատ տարածքի մը կամ բարձրադիր վայրի մը մէջ, կրնայ լուրջ վտանգ սպառնալ իր կեանքին:

Կա՞ն առողջական պայմաններ, որոնք աւելի վտանգաւոր կը դարձնեն սայլոսայպինի սունկերը

Համեմատած օրինական դեղամիջոցներու հետ, ինչպիսիք են ալքոլը եւ նիքոթինը, որոնք կրնան զգալի ֆիզիքական վնաս պատճառել զանոնք օգտագործողներուն, սայլոսայպինը կը պարունակէ ֆիզիքական վնասի փոքր վտանգ:

Ընդհանրապէս կը նկատուի, որ սայլոսայպինն ունի ֆիզիքական վնասի շատ թեթեւ ազդեցութիւն, սակայն դեղին օգտագործման հետ կապուած վտանգները որոշակի են, եթէ այդ մէկը պատասխանատու կերպով չօգտագործուի:

Անոնցմէ գլխաւորը այն է, որ տրուած սայլոսայպինը կրնայ յառաջացնել ուժեղ ցնորատեսական վիճակ: Անոնք, որոնք նախապէս ունեցած են հոգեհերձուածութեան (շիզոֆրենիա) կամ հոգեբանական խանգարումներու անձնական կամ ընտանեկան պատմութիւններ, պէտք է զերծ մնան սայլոսայպինէն: Այդ մէկը պայմանաւորուած է անով, որ սայլոսայպինի փորձառութիւնը կրնայ սրել հաւանական ախտանիշները կամ զանոնք ջուրի երես հանել:

Սայլոսայպինի սունկերը այլ դեղերու հետ խառնելը

Սայլոսայպինը պէտք չէ խառնուի որեւէ այլ արգիլուած դեղատեսակի, ալքոլի կամ նիքոթինի հետ: Դեղերու համակցութիւնները կրնան ըլլալ անկանխատեսելի, վտանգաւոր եւ նոյնիսկ` մահացու:

Zoloft-ը (Sertraline)` ծանօթ SSRI-ներէն մէկը

Սայլոսայպինը պէտք չէ խառնուի որեւէ հոգեբուժական կամ հակաընկճուածութեան դեղերու հետ, ինչպիսիք են SSRI-ները կամ MAOI-ները: Կ՛ենթադրուի, որ սայլոսայպինի մասնիկները կ՛ազդեն նոյն ջղային այն ընկալիչներուն վրայ, ուր կ՛ազդեն որոշ դեղագիրով դեղեր, եւ զանոնք պէտք չէ խառնել` բացառելու համար անոնց անբարենպաստ փոխազդեցութեան հաւանականութիւնը:

 

 

Աղբիւր` Drugscience

(1) Ուղեղի կեղեւ- Ուղեղի մէջ տարածք մը, որ կապուած է դատողութեան եւ բանականութեան հետ:

(Շար. 1)

Նախորդը

Վերյիշելով «Հայերուս Թուքը» Բանաստեղծութեան Խորհուրդը

Յաջորդը

Արցախն Ու Մենք

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 28, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 21, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 14, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In